10 Յունուարին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ լրագրողներու հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն, Արցախին վերաբերող իր պատկերացումներուն՝ շեշտելով, որ պատերազմը աւարտած է, Արցախը Ատրպէյճանի մաս է, իսկ Հայաստան չի յարգեր իր պայմանաւորուածութիւնները։
Ալիեւ դարձեալ յայտարարեց, թէ «պատրաստ է Ղարաբաղի մէջ ապրողներուն համար ապահովել բոլոր այն պայմանները եւ իրաւունքները, որոնք տրուած են Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն»:
«Անոնք, որոնք կ՛ուզեն հոն ապրիլ՝ Ատրպէյճանի դրօշակին տակ, անոնց համար` իբրեւ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ, պիտի ստեղծուին բոլոր պայմանները, իրաւունքները եւ ապահովութիւնը: Իսկ եթէ ոեւէ մէկը չ՛ուզեր դառնալ Ատրպէյճանի քաղաքացի, Լաչինի միջանցքը բաց է, կրնան հեռանալ, ոեւէ մէկը չի խոչընդոտեր», նշեց Ալիեւ:
Ան նաեւ պնդեց, որ երկու տարիէն` 2025ին, Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը պիտի աւարտի։ «2023ը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու վերջին կարելիութիւնն է Հայաստանի համար», ըսաւ Ալիեւ եւ հաստատեց, որ ինք չ՛ուզեր ճնշում գործադրողի տպաւորութիւն ձգել: «Պարզապէս կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ ըստ իս, ասիկա վերջին կարելիութիւնն է, որովհետեւ յետոյ պիտի գայ 2024ը, իսկ 2025ին պիտի աւարտի ռուսական խաղաղապահներու առաքելութիւնը: Անոնք (հայերը), պէտք է իրենց քիթէն քիչ մը հեռուն տեսնեն»:
Ալիեւ նաեւ քննադատեց Եւրոպական Միութիւնը՝ առանց Պաքուի հետ համադրելու Հայաստան` Ատրպէյճանի հետ սահմանը քաղաքացիական նոր առաքելութիւն ուղարկելուն համար: «Պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած էր երկու ամիսով, որ սակայն, ինչ-որ պատճառով խախտած է: Եթէ բանի մը շուրջ համաձայնած ենք, ճիշդ է` բանաւոր, պէտք է կատարենք», դժգոհեցաւ Ալիեւ:
Ան պնդեց, որ առանց Ատրպէյճանի համաձայնութեան այդ առաքելութիւնը չ՛ամրապնդեր տարածաշրջանի ապահովութիւնը, միւս կողմէ` ժխտական կերպով պիտի ազդէ Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ ընթացող բանակցութիւններուն վրայ:
Խօսելով բանակցութիւններուն մասին` Ալիեւ պնդեց, որ այսօր Ատրպէյճան անոնց համար իբրեւ յարմար հարթակ կը նկատէ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները:
«Եւրոպական Միութիւնն ալ կրնայ նման հարթակ ըլլալ, եթէ ազնիւ պահէ ինքնզինք», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով, թէ «ազնիւ չըլլալուն պատճառով Ֆրանսա ինքզինք մեկուսացուց»:
Ալիեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան կը տապալէ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները եւ ամէն ձեւով կը փորձէ Արցախի հարցը ներառել Երեւանի ու Պաքուի միջեւ ստորագրուելիք փաստաթուղթին մէջ:
«Հայաստան պէտք է որոշում տայ, եւ ըստ էութեան արձանագրէ այն, ինչը ընդունած է Փրակի մէջ, իսկ ապա` Սոչիի մէջ նախորդ տարուան Հոկտեմբերին: Յղումը տարածքային ամբողջականութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրին առաւել քան յստակ կ՛ըսէ, որ անոնք (հայերը) կը ճանչնան Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս: Անիկա մեր յաջողութիւնն է, որովհետեւ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը», դիտել տուաւ Ալիեւ:
«Անոնք ամէն ձեւով կ՛ուզեն Ղարաբաղի հարցը խցկել խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ եւ, ըստ էութեան, կ՛արգելափակեն բանակցութիւնները: Եւ այն, որ անոնք անտեսեցին արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Մոսկուայի մէջ` զանազան իրադարձութիւններու պատճառով, ընդհանրապէս անընդունելի է», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ Սեպտեմբերին Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումէն ետք Նիկոլ Փաշինեան, ամէն պարագայի, մեկնած էր Փրակ: «Նեղացածի դիրքը կրնայ յարմարաւէտ ըլլալ, բայց շատ վնասակար է երկրին ու մարդուն համար: Խղճահարութիւն յառաջացնելը լաւագոյն բանը չէ քաղաքական գործիչի զինանոցին մէջ, յատկապէս երբ անիկա կեղծ է: Կը կարծեմ, որ այս տարին շատ բան կը յստակեցնէ», ըսաւ Ալիեւ՝ առանց մանրամասնութիւններ տալու։
Ան դարձեալ յայտարարեց, որ Սեպտեմբերին Հայաստանի դէմ կատարուած յարձակումը արդարացուած էր եւ անհրաժեշտ: «Այսօր մենք գերակայութիւն ունինք թէ՛ Ղարաբաղի մէջ, թէ՛ սահմաններուն վրայ», ըսաւ Ալիեւ՝ զգուշացնելով, որ ուրկէ ինչ զէնք ալ ստանայ Հայաստան, անիկա զինք պիտի չփրկէ։ «Ես առաջին անգամ չէ, որ կը զգուշացնեմ հայկական կողմը, որ ի զուր միջոցներ կը ծախսէ զինուելու համար, եթէ մենք տեսնենք որեւէ սպառնալիք, միանգամայն զայն կը վերացնենք, ուր ալ ըլլայ անիկա՝ մեր տարածքին մէջ, թէ մեր սահմաններէն դուրս»:
Ալիեւ անգմ մը եւս պնդեց, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» նախատեսուած է 2020ի պատերազմէն ետք ստորագրուած պայմանագիրով, եւ Հայաստան կը փորձէ խուսափիլ իր պարտաւորութենէն: «Հակառակ անոր, միջանցքը կը բացուի», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով հայկական կողմէն հնչող պնդումներուն, թէ Նոյեմբեր 9ի փաստաթուղթին մէջ միջանցքի մասին որեւէ բառ չկայ՝ Ալիեւ ըսաւ. «Այո՛, ես այդ եզրոյթը յետոյ մտցուցած եմ աշխարհաքաղաքական բառապաշարին մէջ»:
«Սակայն, այնտեղ յստակ գրուած է, որ պէտք է փոխադրամիջոցներու կապ հաստատուի Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ, եւ Հայաստան պէտք է այդ ապահովէ: Հայաստան կը փորձէ խուսափիլ անկէ, փաստօրէն, առաւել քան երկու տարիէ ի վեր չի կատարեր ստանձնած պարտաւորութիւնը, բայց այդ մէկը մեզ չի կասեցներ: Անիկա ռազմավարական ծրագիր է մեզի համար, եւ ոչ միայն մեզի համար», յայտնեց Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ «անիկա պատմական անհրաժեշտութիւն է այլեւս»:
«Հայաստանի մէջ անիկա իբրեւ սպառնալիք կ՛ընկալեն, թէեւ նման գաղափար չէ եղած, ուղղակի այդ անխուսափելի է», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ Պաքուի մէջ կ՛ուզեն, որ անիկա իրականութիւն ըլլայ կարելի եղածին չափ շուտ։
«Աշխարհը ընդունեց ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի արդիւնքները», ըսաւ Ալիեւ՝ պնդելով, որ այդուհետեւ Պաքու ամրապնդած է դիրքերը նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ: «Այժմ մենք պէտք է ամրապնդենք պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը, այսինքն, ամրապնդենք մեր դիրքերը: Անցած երկու տարիներուն ընթացքին մենք յաջողեցանք հասնիլ այն բոլորին, որուն կը ձգտէինք թէ՛ միջազգային ասպարէզին մէջ եւ թէ մեր տան մէջ», նշեց Ալիեւ:
Ան պնդեց, որ, հակառակ անոր որ պատերազմը աւարտած է, սակայն պայքարը կը շարունակուի: «Ես վստահ եմ, որ մենք կը յաղթենք, որովհետեւ ճիշդ ճամբու վրայ ենք, եւ մեր ռազմական եւ քաղաքական հզօրութիւնը, որոնց կարգին մեր տնտեսական անկախութիւնը, անշուշտ, կը բազմապատկեն մեր կարողութիւնները», յայտարարեց Ալիեւ: