Մարսէյի մօտ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսը յայտարարեց, որ 6 անձեր «քոքթել մոլոթոֆ»ներ նետեցին Մարսէյի մէջ գտնուող հիւպատոսարանի շէնքին վրայ, ապա փախուստի դիմեցին: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Մարսէյի ոստիկանութիւնը դէպքին շուրջ հետաքննութեան սկսած է՝ աւելցնելով, որ ոստիկանները «պահակներուն կողմէ ահազանգի կոճակը սեղմելնէն անմիջապէս ետք հիւպատոսարանը հասան»:
Թուրքիոյ հիւպատոսը յայտնեց, որ յարձակումին պատճառով հիւպատոսարանի պաշտօնեաներէն ոեւէ մէկը չէ վիրաւորուած եւ թէ հիւպատոսարանը ֆրանսական իշխանութիւններուն բողոք ներկայացուցած է:
Հիւպատոսը աւելցուց, որ յարձակումին հեղինակները եւ յարձակումին դրդապատճառները չեն բացայայտուած: