Կիրակի օր, Պրազիլի նախորդ նախագահ Ժայիր Պոլսոնարոյի ծայրայեղ աջակողմեան հազարաւոր համակիրներ վայրագօրէն յարձակեցան երկրի խորհրդարանի շէնքին, նախագահական նստավայրին եւ Գերագոյն ատեանի շէնքին վրայ, նիւթական հսկայական վնասներ պատճառելով։
Ապահովական ուժերը ուշացումով կրցան միջամտել եւ կրցան խռովարաները դուրս բերել։ Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ որ առնուազն 400 անձեր արդէն ձերբակալուած են։
Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ «Լուլա» տա Սիլվա, որ յարձակումին ընթացքին Սաօ Փաուլօ կը գտնուէր, խստօրէն դատապարտեց յարձակումը եւ խոստացաւ բացայայտել եւ պատժել խռովութիւնը ծրագրողները։
Երկու տարի առաջ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին վրայ կատարուած յարձակումը իբրեւ օրինակ գործածած խռովարաները նախագահական ընտրութիւններէն առաջ իսկ կը սպառնային նման յարձակումի մը դիմել, եթէ Պոլսոնարօ պարտուի։ Յատկանշական է, որ Պոլսոնարօ ներկայիս կը գտնուի Ֆլորիտա, ուր հաստատուած է նաեւ Քոնկրեսին վրայ յարձակումը կազմակերպած Տանըլտ Թրամփ։