ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Հեռատեսիլի ֆրանսական կայանէն ուշագրաւ վերնագրով յայտագիր մը սփռուեցաւ առջի օր: Ֆրանսայի ազգային քայլերգին՝ La Marseillaise-ի կարեւոր մէկ տողը «Aux armes, citoyens» է. այսինքն՝ «ի զէն, քաղաքացիներ», կամ՝ «դէպի զէնքերը, քաղաքացիներ»: Այս յայտագիրը կը կոչուէր «Aux arbres, citoyens», այսինքն՝ «դէպի ծառերը, քաղաքացիներ»:
Այսպէս՝ գիր մը փոխելով եւ զայն փոխարինելով երկու այլ գիրերով՝ յայտագիրը պատրաստողները ոչ միայն դիտողին ուշադրութիւնը գրաւած էին, այլեւ կրցած էին նուրբ ձեւով շեշտել, թէ զինամթերք սպառելու փոխարէն, նախընտրելի է ծառ տնկել ամենուրէք, մահ սփռելու տեղ՝ կեանքի հունտեր սերմանել:
«Այս յայտագրէն շատ առաջ» մտածեցի, «հայ բանաստեղծներ ըրած են այս գիւտը», ու որոշեցի կաղանդի առթիւ ձեզի ներկայացնել Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ»ը եւ Զարեհ Խրախունիի «Այս Ծառը Սուրբ»ը:
***
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ»ը գրուած է 1924ին, այսինքն՝ Ցեղասպանութենէն ինը տարի ետք. իսկ Խրախունիի «Այս Ծառը Սուրբ»ը՝ 1991ին, այսինքն՝ Հայաստանի Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու եւ անկախութիւն հռչակելու տարին:
Որքա՛ն հետաքրքրական է բաղդատել տարբեր գրիչներէ ծնած այս կտորները եւ նմանութիւններ գտնել անոնց միջեւ, տարբերութիւններու կողքին. ամենէն կարեւորը՝ հետեւութիւններ ընել մեր պատմութիւնը, հողը, ազգը ընկալելու ձեւերուն մասին:
***
«Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ»ը կը սկսի խնդրանքով մը՝ Տիրոջ ուղղուած (օրհնէ՛): Բանաստեղծը ծառ մը կը տնկէ հայրենի հողին մէջ: Այդ հողը «սեւ» է եւ «փխրուն», որովհետեւ իր պապերը հոն կը պառկին: Քիչ անդին՝ կը խօսի այդ հին երկրին մասին, որ հարուստ է իր պատմութեամբ, յաղթանակներով (փառքով) եւ սուգով (մեռելներով): Գրողը ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս իր պապերուն «թոռը հսկայ» եւ իր երկրին «թոռը վայրի» եւ կը հաւաստիացնէ, որ տէ՛րն է այդ երկրին,ապագայի երազներ եւ ծրագիրներ ունի (խոկումներով բեղմնաւոր, երազներով օրօրուն):
Եթէ քիչ մը խորանանք, կը նկատենք, որ մարմնական կապ մը ստեղծուած է ծառին եւ գրողին միջեւ. անոնք տեղ մը կը նոյնանան: Երկուքն ալ արեւին պէտք ունին, ու մինչ ծառը իր ճիւղերն ու սաղարթը (բազուկներն ու հոգին) կը դարձնէ արեւին, թոռնիկը, ինք՝ պապերուն շունչին տաքութեամբ կը մեծնայ: Ծառը սիրոյ աղօթք է. հասկնալի է ուրեմն, թէ ինչո՛ւ բանաստեղծը կը ցանկայ տեսնել գիւղին սիրահարներու երթը՝ հոն: Երեւակայե՛նք պատկերը. տեսնե՛նք հարիւրաւոր երիտասարդ աղջիկներ ու տղաք, որոնք դէպի ծառը կը յառաջանան ու կը փաթթուին բունին՝ իրենց թաքուն փափաքները անոր յանձնելով:
Սիւրմէլեանի ծառը, ուրեմն, մեռելներուն նուիրուած խաչ ըլլալու առընթեր՝ իղձերու, հաւատքի եւ Երկրի տեւողութեան խորհրդանիշ է նաեւ:
***
Խրախունիի «Ծառ Տնկեցէ՛ք»ը խնդրանքի փոխարէն՝ հրամանով մը կը սկսի. (Ծառ տնկեցէ՛ք, եղբայրներ): Հաւաքական յորդորը կը շեշտէ, թէ կարեւոր չէ ո՛չ ծառին տեսակը, ո՛չ վայրը, ուր ան պիտի բուսնի: Ասիկա փաստելու համար, Խրախունի կը դիմէ կեանքի շրջանակին: Բրուտին կաւէ ամանը հողէ շինուած է եւ ուրեմն, թաղարը շարունակութիւնն է հողին… կամ՝ սեղանի տախտակը եկած է ծառի փայտէն. հետեւաբար՝ եթէ սեղանին վրայ, թաղարի մէջ ծառ մը դնենք՝ անոր արմատները կը վերադառնա՛ն երկրին:
Փոխաբերական, շրջադարձային այս ներկայացումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ սերունդներու, բայց մանաւանդ՝ սփիւռքեան վայրերու յղում: Կրկի՛ն երեւակայենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ծառի տեսակ մըն է՝ «կաղնի, սօսի, եղեւին», այնքա՜ն տարբեր իրարմէ թէ՛ մեր բնակած երկրին լեզուով, թէ՛ մշակոյթով. կամ՝ տեսնենք մեզ, որպէս ծառ՝ թաղարներու մէջ նստած եւ զգանք մեր արմատներուն տարածուիլը սեղանն ի վար՝ հողին մէջ…
Խրախունի կը հաւատա՛յ, որ մեր ծառը պիտի «բռնէ», եւ ինչպէս Սիւրմէլեանի բանաստեղծութեան ծառին հետ նոյնացած թոռնիկը կ՛աճի արեւին տակ, անոր հետ, հոս ալ կարծես նո՛յն ծառն է, որ պիտի «աճի», «ուռճանայ» առտուան արեւուն տակ՝ Արարատին նայելով:
Մինչ Սիւրմէլեան իր հողը «սեւ» ու «փխրուն» կ՛որակէր, Խրախունի, ինք, կը խօսի «պարարտ», «հպարտ» հողին մասին ուր, արիւն եւ արցունք հոսած է, այո՛, բայց ուր ապագայի հանդէպ յոյսը հանդարտ ջուրի պէս կը սահի, նոր ծառեր ոռոգելու համար:
Կարելի է մտածել, որ կրկին յղում կայ Սփիւռքին, երբ Խրախունի կը հաստատէ, որ ծառը «հազար բարեւ ու բարիք պիտի առնէ ամպերէն, որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն»:
Ցեղասպանութենէն եօթանասունվեց տարի ետք եւ Հայաստանի անկախութեան օրերուն՝ յստակ է, որ բանաստեղծը լաւատես է հայրենիքի ապագայով. «Ազատութեան ծառն է այս» կ՛ըսէ եւ կը խրատէ, որ գուրգուրանք վրան:
***
Հեռատեսիլի ֆրանսական կայանէն կը խօսին ծառերուն խաղացած կարեւոր դերին մասին: Ծառը կը մաքրէ կենսոլորտը. կը փրկէ մարդկութիւնը, անասունները:
Ո՛չ ոքի մտքէն կ՛անցնի, թէ հեռաւո՜ր օր մը, Լեւոն Սիւրմէլեանի համար ծառ տնկելը եղած էր միջոց՝ իր կորուսեալ ընտանիքն ու հայրենիքը վերապրեցնելու:
Այդ ճարտասան լրագրողներէն ո՛չ մէկը գիտէ, թէ այդ հսկայ ու վայրի թոռնիկին գրութիւնը երբ կը կարդանք մենք այսօր, մեր վէրքերը դեռ բաց են ու կը կոտտան երկու տարի առաջ ունեցած մեր կորուստներէն: Տակաւին ծառ կը տնկենք որպէս խաչ, որպէս աղօթք՝ դէպի երկինք բարձրացող:
Իրենց համար ծառը միջոց է ապրելու, շնչելու, գոյատեւելու. մեզի համար՝ ան մեր նահատակները մեր մէջ ապրեցնելո՛ւ եւ անոնց հետ ըլլալո՛ւ ձեւ է. նաեւ՝ ազգային ինքնութիւն ու Երկիր պահելու միջոց:
Տակաւին, այս խնդացող, բարկացող, իբր թէ ջղայնացող բնապահպանման զինուորագրեալները չեն գիտեր ի՛նչ էր այն Ազատութիւնը, զոր կորսնցուցինք:
Խրախունիի գօտեպնդիչ տողերը կարդալով՝ գլխահակ կը մնանք: Ի՞նչ պատահեցաւ մեր ժողովուրդին. ինչո՞ւ դարձանք իրարու թշնամի, զիրար այպանող, զիրար բամբասող գետնաքարշ մարդիկ: Չէ՞ որ ան հաւաստիացուցած էր մեզի, որ դարերով սպասուած մեր պետականութիւնը պիտի կենար բարձր, հսկա՜յ ծառի պէս կանգուն: Կը բաւէր զայն «խնամել»,«զարդարել», «պաշտպանել», «պաշտել»… բաներ, որ չըրինք:
Նոր Տարուան սեմին, մեզի կը մնայ սթափիլ, վերակարդալ այս երկու բանաստեղծութիւնները եւ միասին յայտարարել.
Մե՛նք ենք մեր ծառերը: Մեր լեզուն, ինքնութիւնը, մեր նահատակները, կորսուած հողերը, մնացած Երկիրը:
Մե՛նք ենք մեր հաւատքը, վերապրումի կամքը, կորսուած հողերուն վերատիրանալու ձգտումը:
Միասի՛ն, ձեռք-ձեռքի՝ նայինք վե՜ր, արեւին: Յետոյ՝ դառնա՛նք ամպ, անձրե՛ւ ու ջուր տանք հայրենիքի եւ Սփիւռքի սաղարթախիտ ծառերուն:
Ծառ տնկելով՝ ծա՛ռ դառնանք:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ՝ բոլորիդ:
***

Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ
ԼԵՒՈՆ ԶԱՒԷՆ ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ
Տէր, օրհնէ՛ ծառն այս մատղաշ: Ես կը տնկեմ զայն ահա
Փխրուն ու սեւ հողին մէջ, ուր պապերս կը պառկին.
Ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին տէրն եմ կրկին,
Ու արեւուն տակ կ՛աճիմ՝ անունն անոնց շուրթիս վրայ:
Պիտի բանայ ծառն այս մեծ իր բազուկներն ու հոգին,
Գրկած իր մէջ պապերուս արեւոտ շունչը անմահ.
Տէ՛ր, միս-մինակ, նազելի, այս ծառն աղօթք մը ըլլա՜յ
Ու փաթթուիլ իր մարմնոյն գան սիրողները գիւղին…:
Երկաթագիր պատմութիւնն այս մտերիմ հողերուն
Աչքիս արցունք կը բերէ…: Փառք ու մեռել շատ ունի
Երկիրն իմ հին, ալեւոր՝ որուն ես թոռն եմ վայրի,
Խոկումներով բեղմնաւոր, երազներով օրօրուն…:
…Մեռելներուս իբրեւ խաչ՝ ես այս ծառը տնկեցի…:
***

Այս Ծառը Սուրբ
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
Ծառ տնկեցէ՛ք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ – դաշտերուն
Լերան վրայ – ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
Կամ սեղանին ամենօրեայ
Ծառ տնկեցէ՛ք – պիտի բռնէ անպայման-
Ապառաժը երբ փշրուի հող
կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն – ըսես- չոր տախտակ է
Կ՛ըսեմ քեզի՝ առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…
Ծառ տնկեցէ՛ք- ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…
Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ – հողն է հպարտ – ջուրն հանդարտ
Թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ –
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
Որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն
Ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար- ալեւոր…
Օ՜ տնկեցէ՛ք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս…
0106Ani2