
Չինական լուսնային օրացոյցին համաձայն, տարուան անունը կը կրկնուի 12 տարի անգամ մը, նոյն կենդանիին կամ անասունին անունով: Այլ խօսքով, չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս, չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, անոր յաջորդած են ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով, ամէն 12 տարի անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: Իսկ 2023 տարին «Նապաստակ»ի տարի է:
Չինական աստղաբաշխութեան մէջ նապաստակը կը գրաւէ չորրորդ տեղը:
Կը կարծենք, որ շատերը հաւանաբար պիտի կարդան այս էջին խորագիրը միայն եւ անտարբերութեամբ դարձնեն զայն: Իսկ անոնց ճիշդ հակառակ, ուրիշներ ալ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս խանդավառութեամբ պիտի ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ կամ ինչե՜ր պահած է այս տարի իրենց կենդանակերպը:
Առ ի տեղեկութիւն, նախ ըսենք, որ չինական աւանդութեան համաձայն, կ՛ըսուի, թէ երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իրեն հետ իր աստծոյն տանիլ 12 կենդանիներ: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը կամ առնէտը, ապա անոր յաջորդած էին ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Աւանդութիւնը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ամէնէն առաջ հասած էր կատուն, բայց մուկը զինք խաբելով՝ անոր տեղը գրաւած էր ու այսպիսով կատուն դուրս մնացած է այս շարքէն: Իր կարգին, Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն, չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Այս ձեւով է որ ամէն 12 տարի անգամ մը այդ անասունին անունը կը կրկնուի:
2023 ՏԱՐԻՆ – ՆԱՊԱՍՏԱԿԻ ԿԱՄ ՃԱԳԱՐԻ ՏԱՐԻ
Երկար եւ հին ժամանակներէ ի վեր, չինացի ժողովուրդին համար նապաստակը յոյսի խորհրդանիշ դարձած է: Իրենց աստղաբաշխութեան լուսին աստուածը իր գիրկը միշտ նապաստակ ունեցած է: Այս կը նշանակէ, թէ նապաստակը չինացի աստծոյն շատ մօտիկ կենդանի մը եղած է:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, թէ նապաստակը արագութեան եւ հեռաւորութեան չափանիշ է: Իրենց յղութեան ժամանակ, կիներուն արգիլուած էր նապաստակի միս ուտել: Ընդահակառակն, երբ անոնք ծննդաբերած են, նորածինին աշխարհ գալէն ետք, նոյն այդ կիները միշտ մէկական նապաստակ նուէր ստացած են, որովհետեւ, ըստ այս ժողովուրդի աւանդութեան՝ նապաստակը խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն բերող կենդանի մըն է:
Անոնք, որոնք նապաստակի նշանին տակ ծնած են կամ այս տարի պիտի ծնին, կ՛ըլլան ազնիւ եւ զգայուն, լաւ յիշողութեան տէր անձեր: Կը սիրեն ուրիշներու հետ հաղորդակցիլ եւ գործակցիլ: Շատ կը սիրեն նաեւ կեանքն ու իրենց կեանքի ընկերը: Կ՛ուզեն շատ զաւակներ ու ժառանգորդներ ունենալ: Յաճախ կ՛ըլլան արկածախնդիր:
Նապաստակի տարիներուն ծնած անձիք կ՛ըլլան նաեւ ստեղծող եւ հնարող: Ընկերասիրութեան կողքին, անոնք զգոյշ ալ են: Իրենց զգայուն իրավիճակէն մեկնած, անոնք կ՛ըլլան համարձակ եւ միաժամանակ՝ պաշտպանողական: Անոնք չեն սիրեր վտանգաւոր որոշումներ կամ քայլեր առնել:
Այս նշանին տակ ծնածները նաեւ կը սիրեն մշակութային կեանքն ու օտարները: Իրենց համար կեանքի մէջ տուն ու տնեցիները ամէնէն ապահով բաներն են:
Այսպէս, ըստ չինական աստղագիտութեան, նապաստակի տարին ծնած մարդիկ կ՛ըլլան մարդասէր, ընկերասէր եւ ընտանիքին համար զոհուած անձեր: Անոնք, երբ նոյնիսկ առաջին անգամ հանդիպին մարդու մը, առանց իսկ դիմացինը լաւապէս ճանչնալու՝ արդէն կը վստահին անոր:
Յաճախ արագ որոշումներ կու տան անոնք: Այս մէկը նոյնիսկ իրենց առողջութեան կը վնասէ: Շատ պահպանողական ըլլալով՝ անոնք իրենց զգացումները դիւրութեամբ չեն բացայայտէր: Նաեւ, իրենց ցաւը իրենց մէջ պահելու արժանիքը ունին անոնք: Դարձեալ այս մէկը պատճառ կրնայ դառնալ, որ իրենց առողջութիւնը վատանայ:
Նապաստակի տարիներուն ծնածները կ՛ըլլան լաւ դիւանագէտներ, բժիշկներ, դերասաններ, քաղաքագէտներ, գրողներ, մտաւորականներ եւ կրթական մշակներ:
Բարի բնաւորութեան տէր են անոնք եւ կը սիրեն վստահիլ իրենց ընկերներուն: Կը սիրեն լաւ հագուիլ եւ զարդարուիլ: Ճաշակաւոր կ՛ըլլան եւ միշտ իրենց արտաքինին հոգ տանող: Զգայո՛ւն ալ են եւ շատ ռոմանթիկ: Անոնք կը սիրեն խմբային աշխատանքն ու ընկերային կեանքը: Ընտանիքը իրենց համար սրբութի՛ւն է:
Նապաստակին լաւ ամիսներն են՝ Փետրուար, Ապրիլ եւ Դեկտեմբեր:
Բախտաւոր թիւերն են՝ 8-13-24-40
Նապաստակի տարիներ՝ 1903-1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023
Նապաստակի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքերէն՝ Ալպըրթ Այնըշթայն, Պապ Պենետիքթ, Անճելա Ճոլի, Պրետ Փիթ, Ճանի Տիպ, Տէյվիտ Պեքամ, Թայկըր Ուուտզ եւ Ուիթնի Հիուսթըն: