ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Տարի մը եւս կը թողունք մեր ետին, պիտի թեւակոխենք նոր տարիէ մը ներս: Հին տարին մեր անցեալի մաս պիտի կազմէ, յիշատակութեան արժանի իր ուրախ, զուարթ, տխուր, յաջող ու անյաջող դէպքերով: Իսկ նոր տարին, մեր յոյսերը, պահանջքները, փափաքները պիտի նորոգէ ու պիտի գրգռէ եւ մեր առջեւ պիտի բանայ նոր հորիզոններ :
Մենք կեանքի ելեւէջներու մէջէն անցնելով, ատեն ատեն կ՛ապրինք յաջողութեան կից՝ ձախութիւն, խաղաղութեան կից՝ կռիւ, արցունքի կից՝ հրճուանք, երջանկութեան կից՝ տխրութիւն, բախտութեան կից՝ դժբախտութիւն, առողջութեան կից՝ հիւանդութիւն, խանդավառութեան կից՝ տանջանք, անդորրութեան կից՝ վրդովանք, հարստութեան կից՝ աղքատութիւն, նոր յոյսերու կից՝ յուսախաբութիւն: Այս բոլորն ալ, քով քովի, իրարու հետ մտերիմ բարեկամներ են, երբեմն ալ, անոնք մեր կեանքի ընթացքին մէջ իրարու հետ տեղ կը փոխեն:
Ըստ իս, մեզի համար կարեւորագոյնը «Սէր, Հաւատք եւ Յոյս»ն է, որ մարդուս կեանքի ընթացքին ուղղութիւն կու տայ: Եթէ մենք Հաւատքի համար հաւատալը, Սիրոյ համար սիրելը, Յոյսի համար յոյս տալը եւ ինչու չէ նաեւ Հաշտութեան համար հաշտուիլը լաւ սորված ենք, մեր ապրած կեանքը մեզի համ կու տայ:
Եթէ մեր ետին թողած տարուան համայնքային, մշակութային, երիտասարդական, ընկերային կեանքին ակնարկ մը նետենք, կը տեսնենք շարք մը ուրախալի եւ ազգօգուտ աշխատանքներ. կան շարք մըն այլ աշխատանքներ, որոնք թերեւս կատարեալ աստիճանի հասած չեն, սակայն մենք այդ աշխատանքները իբրեւ յուսադրիչ աշխատանքներ նկատելու ենք: Այդ ատեն, մենք մեր ապրած համայնքային կեանքէն համ կ՛առնենք ու կը վայելենք:
Տարեվերջին, Նոր Տարուան գիշեր զիրար կը շնորհաւորենք ջերմագին ու լաւագոյն բարեմաղթանքներով, թերեւս ալ իրարու նուէրներ կը փոխանակենք, տեսնելու համար երջանիկ, ուրախ դէմք մը կամ ժպիտ մը, որ մեզ եւս պիտի երջանկացնէ:
Ամանորի գիշեր, բոլորս ալ նոր տարին կը դիմաւորենք եւ նոր տարիէն ներս մուտք կը գործենք տարբեր միջոցներով, բայց բոլորս կ՛ապրինք ու կը վայելենք նոյն պահը, պահ մը, որ հոգեպէս պիտի գոհացնէ մեզի. այդ պահուն մեր ներաշխարհին մէջ պիտի ծնի նոր կեանք մը, նոր յոյս մը, նոր ուժ մը, նոր պահանջք մը, նոր ճամբայ մը եւ ինչ ինչ նորութիւններ, որոնք մեզի պիտի կ՛առաջնորդեն դէպի նոր հորիզոններ: Այս բոլորը կրնանք կատարել, եթէ մենք հոգեպէս ու մարմնապէս առողջ ենք: Ուրեմն երբեք չմոռնանք, որ մեր առողջութիւնը կը գերադասուի բոլորէն վեր, որպէս մեր անձնական ամէնէն թանկագին գանձը:
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնի սեմին, լաւագոյն բարեմաղթանքներ եւ ամենայն բարիք:
Սիրելիներ, եկէք Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան»ով միասնաբար մեր ետին թողունք հին տարին եւ ուրախ, վառ յոյսերով մուտք գործենք նոր տարիէն ներս: