
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինը Երկուշաբթի, 2 Յունուարին գումարեց ժողով մը գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի: Ժողովին ընթացքին արժեւորուեցան երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիք ժողովէն ետք հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ պնդելով, թէ Թուրքիա այլեւս ուրիշներու պարտադրած պայմաններուն ենթարկուող երկիր մը չէ եւ «համաշխարհային մակարդակով մեծ դերակատար մըն է» եւ ամէն ինչ պիտի ընէ պահպանելու համար այդ վիճակը:
Ըստ Չելիքի՝ Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմով ստեղծուած տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրավիճակը Թուրքիոյ դիմագրաւած մեծագոյն հարցերէն մէկն է: «Միշտ կը շեշտենք, որ հարցերը պէտք է լուծուին դիւանագիտական ճանապարհով: Կարելի է ըսել, որ մեր դիմաց կ՛ուրուագծուի երկարատեւ պաղ պատերազմ մը: Այս ամբողջին մէջ, Թուրքիոյ դիւանագիտական հաւասարակշռութեան եւ կարողութեան արժէքը դարձեալ նկատուած է Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Պալքաններ», նշեց Չելիք: