Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլահեան Ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննեց երկկողմանի եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր, կը հաղորդէ «Թասնիմ» (Tasnim) լրատու գործակալութիւնը:
Ապտոլահեան յայտնեց Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ խթանելու Ատրպէյճանի հետ գործակցութիւնը յատկապէս փոխադրութեան եւ տարանցումի ոլորտներուն մէջ եւ վերահաստատեց Իրանի ընդդիմութիւնը տարածաշրջանին մէջ օտար երկիրներէ ուժերու ներկայութեան՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանի երկիրները ի վիճակի են դրական մօտեցումներ կիրառելու տարածաշրջանի հարցերը ճիշդ լուծելու համար:
Զրոյցին ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարարին բարձրացուցած միւս հարցերէն էր՝ երկու երկիրներուն միջեւ Արաքս գետի ջուրի սակաւութեան եւ մաքրութեան ուսումնասիրութիւնը:
Իր կարգին, Պայրամով ընդգծեց Իրանի հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: