Քոսովօ փակեց Սերպիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող գլխաւոր անցակէտը, հակադարձելով սահմանին հակառակ կողմը հաւաքուած սերպ ցուցարարներու քայլերուն։
Ցուցարարները փակած էին Սերպիոյ կողմէ չճանչցուած Քոսովոն Սերպիոյ կեդրոնական շրջաններուն կապող ճամբան, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ցուցարարները այս քայլով իրենց աջակցութիւնը կը յայտնէին Քոսովոյի սերպերուն, որոնք արդէն 18 օրէ ի վեր բողոքի ցոյցեր կը կատարեն երկրամասի սերպաբնակ շրջաններուն մէջ՝ պահանջելով յարգել իրենց իրաւունքները եւ իրականացնել 2013ին Պրիւքսելի մէջ կնքուած համաձայնագիրի կէտերը:
Սերպիոյ կառավարութիւնը նաեւ երկրին զինեալ ուժերը բերած էր բարձր պատրաստութեան վիճակին: Ըստ մամուլին մէջ շրջանառուող կարգ մը տեղեկութիւններու՝ Սերպիոյ բանակի կարգ մը ստորաբաժանումներ տեղակայուած են Քոսովոյի հետ սահմանին մօտ: