Անգարայի մօտ Իսրայէլի նոր դեսպան Իրիթ Լիլիան 27 Դեկտեմբերին, իր հաւատարմագիրները յանձնեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, հաղորդեց Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը:
Արարողութիւնը կատարուեցաւ դռնփակ:
Լիլիան, որ նախապէս Անգարայի մէջ վարած է Իսրայէլի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարի պաշտօնը, չորս տարուան ընդմիջումէ ետք դարձաւ Թուրքիոյ մօտ Իսրայէլի առաջին դեսպանը: Անոր նշանակումը Հոկտեմբերին հաստատուած էր Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ:
Նոյն ժամանակ, Թել Աւիւի մօտ նշանակուեցաւ Թուրքիոյ դեսպան մը: Դիւանագիտական առաքելութիւնը կը ղեկավարէ Շաքիր Էօզքան Թորունլար, որ 2010-2013 թուականներուն ծառայած է իբրեւ Երուսաղէմի մօտ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոս:
2018ին, Թուրքիա «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով Իսրայէլէն ետ կանչած էր իր դեսպանը, որմէ ետք Իսրայէլի դեսպանը հեռացած էր Անգարայէն:
Օգոստոսին, Էրտողան եւ այդ օրերու Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ ունեցած էին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն հիմամբ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր դիւանագիտական յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ վերականգնելու եւ երկու պետութիւններու դեսպանները մայրաքաղաքներ վերադարձնելու շուրջ: