«Առաւել քան երկու շաբաթ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակիչները կը գտնուին Ատրպէյճանի կողմէ ամբողջական շրջափակման մէջ, կը գրէ Le Republicain Lorrain թերթը՝ իր խմբագրականին մէջ:
«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը ձգտի սովի մատնել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը եւ ստիպել անոնց, որ հեռանան իրենց հայրենիքէն: Միջազգային հանրութեան կոչերը կը մնան անպատասխան, իսկ Ռուսիոյ դերը չի նպաստեր լարուածութեան մեղմացման: Վլատիմիր Փութին փաստացիօրէն կ՛արտօնէ Ատրպէյճանին, որուն արդէն իսկ կ՛աջակցի Թուրքիան, կատարելու իր գործը», կը գրէ թերթը: