Տիգրանակերտի մէջ քրիստոնեաները այս Սուրբ Ծնունդը նշեցին մեծ խանդավառութեամբ եւ քրտերէն հոգեւոր երգերու ուղեկցութեամբ: Այս մասին, ըստ «Ակունք»ին, կը հաղորդեն քրտական լրատուամիջոցները:
Տիգրանակերտցի ասորիները Սուրբ Ծնունդը տօնեցին տեղի Ս. Մարիամ Աստուածածին ասորական եկեղեցւոյ մէջ: Ասորիներու առաջնորդը պատարագին ընթացքին աղօթեց Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար: Քրտական Rօdaw կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ասորիներու առաջնորդը՝ Սալիպա Օզմեն, ըսաւ հետեւեալը. «Ըլլայ այստեղ, կամ Իրաքի թէ Սուրիոյ՝ կը մաղթենք, որ պատերազմները դադրին: Թող այս տօնը խաղաղութիւն բերէ»:
Ուշագրաւ է, որ պատարագին մասնակցեցան ոչ միայն քրիստոնեաներ, այլ նաեւ իսլամ քիւրտեր:
Անշուշտ, կան նաեւ քրիստոնէութիւն ընդունած քիւրտեր, որոնք ընդհանրապէս անդամ են բողոքական եկեղեցիներու: Հոն բողոքական համայնքին մեծ մասը բաղկացած է քիւրտերէ. պատարագին մէկ մասը կը մատուցուի քրտերէնով: