Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Հիւսիսային Ամերիկայի բաժանմունքի տնօրէն Ալեքսանտր Տարչիեւ «Թասս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները «մահամերձ վիճակի մէջ են»:
Մեկնաբանելով Քոնկրեսի Ծերակոյտին կողմէ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի պաշտօնի հաստատումը՝ ռուս դիւանագէտը շեշտեց, թէ ան «ոչ թէ պէտք է վատթարացնէ յարաբերութիւնները, որոնք առանց անոր ալ կը գտնուին մահամերձ վիճակի մէջ, այլ պէտք է պահպանել զանոնք, գոնէ ներկայ մակարդակին վրայ»:
«Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Թրէյսի փորձէ զանոնք աւելի բարելաւել», նշեց Տարչիեւ:
Ռուս դիւանագէտը նաեւ յայտնեց, որ Մոսկուային կը մնայ յուսալ, որ Ուաշինկթըն երկու երկիրները ուղիղ բախումի կացութեան չի հասցներ, հակառակ պարագային, դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումը կրնայ իրականութիւն դառնալ, անկէ բխող իր բոլոր հետեւանքներով:
Յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը անցեալ շաբաթ հաստատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Թրէյսին՝ իբրեւ Ռուսիոյ մօտ դեսպան: