ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՆԱԽԵՐԳԱՆՔ
Կաղանդ, տօնածառ, Ամանոր… Ահա քանի մը ցնծագին բառեր, որոնց մասին կրնայի ստուգաբանական յօդուած մը գրել այս բերկրալից օրերուն, երբ կը մօտենայ Նոր Տարին ու կը պատրաստուինք միմեանց մաղթելու ուրախութիւն, յաջողութիւն եւ առողջութիւն. ձեր աչքերը, յարգելի՛ ընթերցող, դժուար պիտի չըլլար շլացնել այդ երեք գոյականներու գրական պայծառ փայլատակումներով: Սակայն, տօնական տրամադրութիւնս նուազեցաւ Դեկտեմբերի կամ՝ Քաղոցի – ինչպէս որ կը նախընտրէք – այս վերջին օրերուն, երբ մէկ այլ սաստիկ քամի մը կը փչէ Արցախի լեռներուն եւ Լաչինի ճանապարհին վրայ: Ի՞նչ է պատճառը, մտահոգ մտածեցի. «հովիւ» բառն է, որոշեցի, ու ձեռնարկեցի գրի առնելու այդ խաշնտես, խաշնարած, ոչխարած, ոչխարապահ, հօտապահ, հօտապան մարդուն գրական դաշտի վրայ կատարած աշխատանքը, որպէսզի 2023ին, Հայոց Լեռնաշխարհին մէջ ծնին մշտարթուն նոր հովիւներ, քանզի, քրիստոնեայ հայու մտածողութեան մէջ, հովիւը ժողովուրդի առաջնորդն է, իսկ այժմ հայութիւնը պէտք ունի անոնց լաւագոյն տեսակին՝ աւելի՛ քան երբեք:
ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՎԻՒԸ
Թէեւ չենք գիտեր, թէ ո՛վ էր առաջին հայ հովիւը, սակայն կասկած պէտք չէ ունենալ, թէ անասնապահ եւ լեռնաբնակ մեր նախահայրերուն մէջ հովիւներու պակաս չկար: Իսկ անոնց անո՞ւնը. բնիկ է, կազմուած «ոչխար» եւ «կերակրել, արածեցնել» արմատներով: Վանեցիին համար ան «խօվիվ» էր, նոյն գաւառի Ոզմ գիւղին համար՝ «խօվէվ», իսկ Մուսա լերան բնակիչներուն համար՝ «հուվէվ»:
ՀՈՎԻՒԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԷՋ
Յոգնաջան ու չարքաշ «հովիւ»ը, որ վրիպած էր մեր բանահիւս նախահայրերու ուշադրութենէն, 405 թուականին արժանացաւ աստուածային մեծարանքի: Սուրբ Գիրքը 101 անգամ յիշեց «հովիւ» բառը, 37 անգամ «հովուել» բայը, իսկ մէկ անգամ ալ «հովուական» ածականը. «Եւ եդ զնոսա ի հովուական մախաղին»: Կարդացինք նաեւ Աստուածաշունչի հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Ձայն գուժի հովուաց», «Ես եմ հովիւն քաջ»: Սուրբ Գիրքը նաեւ խրատ-զգուշացում մը տուաւ, թէ հովիւները եթէ անմիտ են՝ կը ցրուի հօտը. «Զի հովիւքն անմտացան, եւ զՏէր ոչ խնդրեցին. վասն այնորիկ ոչ իմացան, եւ ամենայն արօտականքն, եւ ցրուեցան»: Ասիկա է պատճառը, որ հոգեւոր հայրերը աղօթասրահներու բեմէն կը քարոզեն՝ զգուշանալ սուտ առաջնորդ հովիւներէ:
ՀՈՎԻՒԻ ՈՍԿԵԴԱՐԸ
5րդ դարը հայկական հովիւի ոսկեդարն է: Այն ժամանակ է, որ «հովիւ» բառը երաժիշտ սուրբերուն շնորհիւ շարականի խօսք դարձաւ: «Զղջման իմոյ զարտասուս» ապաշխարութեան շարականին մէջ, Մեսրոպ Մաշտոց խնդրեց, որ բանաւոր հօտի հովիւ Քրիստոսը ըլլայ հոգատար իր մոլորեալ հոգիին համար. «Անկանիմ առաջի քո, Քրիստոս, որ հովիւդ ես բանաւոր հօտի, / Խնդրեա եւ զիս, զմոլորեալս, միայնդ ես բազմագութ»: Շարականը կ՛ակնարկէ այն առակին, ուր բարի հովիւը կը թողու իր հօտը ու կ՛որոնէ կորսուած գառնուկը:
Հայկական միջնադարեան գրականութիւնը ընտիր խօսքերով զարդարեց համեստս «հովիւ» բառը, ինչպէս՝ «Հովիւ ժողովրդոց գոլ զբարի զօրավարն», «Ոչխար ես, մի՛ քններ զհովիւն»: Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեանին մէջ խոստովանեցաւ, թէ ինք մոլորեալ էր ու պէտք ունէր հովիւի հոգատարութեան. «Բժիշկ՝ ախտացելոյս, / Հովիւ՝ մոլորեալ ոչխարիս, / Տէր՝ ապաւինեալ ծառայիս»: (Գրիգոր Նարեկացին լուր ունի՞ արդեօք, որ 2012 թուականին, իր կեանքը, մարդկային կերպարն ու գրականութիւնը ներկայացնող գեղարուեստական շարժապատկերի նիւթ պիտի դառնար ու այդ ստեղծագործութիւնը պիտի կոչուէր՝ «Հովիւը»): Ներսէս Շնորհալին «հովիւ» բառը «արի» ածականին քով դրաւ ու գրեց. «Հովիւ արիական… Բանաւորաց հովիւ արի»:
ՀՈՎԻՒԻ ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆԸ
Հակառակ իր պարզունակ կեանքին, մեր «հովիւ»ը բազմաթիւ բարդութիւններ ունի. անով կազմուած բարդ բառերը նկատի ունիմ: Անոնց թիւը 25ի կը հասնի: Խիստ պատկերալից են հովուապարկը, հովուամախաղը եւ հովուակրակը, հեշտալուր են հովուափողը, հովուականչը եւ հովուերգը: Հայկական հոգեւոր գրականութեան մէջ Ե. դարէն ի վեր կը հնչէ «հովուական» ածականը՝ «հովուական ցուպ, գաւազան, նամակ, պատգամ, ձայն, կենցաղ» փոխաբերութիւն-արտայայտութիւններով: Իսկ «հովուանոց» բառը, որ նախապէս քարածերպ մըն էր՝ ո՛չ շատ լուսաւոր եւ գրաւիչ կացարան մը, քրիստոնէական բառապաշարին մէջ դարձաւ՝ եպիսկոպոսարան:
ՀՈՎԻՒԻ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԸ
Հայկական լեռնաշխարհին վրայ «հովիւ» բառը, ինչո՞ւ կը զարմանաք, դարձաւ տեղանուն: Այդ վայրերուն յիշողութիւնը այսօր կը մնայ բնաշխարհիկ բառարաններու մէջ. «Հովուահայր»՝ Նախիջեւանի մէջ ուխտավայր, «Հովուի եկեղեց»ջ՝ եկեղեցի Անի մայրաքաղաքի պարիսպէն դուրս, «Հովուի կամուր»ջ՝ կամուրջ Բասենի մէջ, Արաքս գետի վրայ, «Հովուասար»՝ Արցախի մէջ բլուր, Տիգրանակերտի աւերակներէն վեր, «Հովուաց ագարակ»՝ միջնադարեան գիւղ Սիւնիքի մէջ:
ՏԱՂԱՍԱՑ ՀՈՎԻՒԸ
Բանաստեղծ հոգեւոր հովիւները, յաճախ «եղկելի» եւ «մեղօք լի», իրենց տաղերուն մէջ, մեղքերու թողութեան համար դիմեցին երկնաւոր հովիւին: Տաղասաց Սուքիասը խոստովանեցաւ. «Սիրոյդ կողկողիմ հովիւ երկնաւոր, / Մոլորեալ ոչխարս հօտիդ բանաւոր, / Նետիւք խոցոտեալ, մեղօք վիրաւոր. / Ես եմ պարտաւոր, / Ես եմ մեղաւոր»: Սարգիս Հալէպցին, 1600ականներու աղաչեց. «Սրտովս եւ հոգովս մոլար հեռացեալ եմ ես ոչխարէն, / Հովիւ բարի, զիս խնդրեա զմոլորեալս ի սուրբ քո հօտէն»: Ստեփանոս Թոխաթցի, 1601ին քաղաքի հոգեւոր հովիւ տէր Յակոբի մահուան օրը գրեց գովաբանական տաղ. «Ո՛վ տէր Յակոբ, հովիւ բարի, / Դարձուցանող մոլար հօտի, / Ցրւեալ, ճապաղեալսն կոչող ի մի, / Ջուր հանգստեան եւ դալար»ջ: Նոյն օրերուն, Սիմէոն Լեհացին նախ հարց տուաւ, թէ ո՛ւր են հին օրերու քաջ ու նուիրեալ հովիւները. «Ո՞ւր են նախնի հայրապետքն այն / Եւ քաջ հովիւքն սրբազան, / Որք վասն հօտին զանձինս եդին, / Զգայլս եւ գազանսն փախուցին»: Իսկ մենք հարց կու տանք, թէ Լեհացին ինչո՛ւ գրեց այդ բանաստեղծութիւնը: Պատճառը կը գտնենք յաջորդ ցաւալի քառեակին մէջ. «Այժմս հովիւք վարձկան եղեն, / Տեսեալ զգազանս ի յետ փախչեն, / Գազանք զգառինս յափշտակեն / Եւ պատառեալ զնոսաւ ցրուեն»:
ՀՈՎԻՒԻ ՔՆԱՐԸ
19րդ դարու հայ բանաստեղծը գեղջկական կեանքը գովեց: Հովիւը, ըսաւ ան, ծառի մը շուքին տակ, առուակի մը ափին նստած՝ իր սրինգը կը նուագէ, մինչ հօտը դալարի վայրերու մէջ կը ճարակի: Ո՞վ մտայղացաւ քնարական, բայց ո՛չ միշտ իրական, այդ պատկերը: Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ասոր մէջ ունի իր բաժինը: Վենետիկի բանաստեղծ հովիւը, 1845 թուականին, «Բազմավէպ» պարբերականին մէջ լոյս ընծայեց երեք պատմուածքներ, որոնք ամփոփուած էին «Հովիւք Շիրակայ» ընդհանուր խորագիրին տակ: Հետեւեալն է գաղափարախօսութիւնը. գիւղական կեանքը դրուատելի է, հովիւը ունի ազատ ու երջանիկ կեանք: Երկու տասնամեակ ետք, Պետրոս Դուրեանը գրեց ու Յակոբ Վարդովեանի թատրոնին մէջ բեմադրեց իւրայատուկ գործ մը, որուն անունն էր «Վարդ եւ Շուշան կամ Հովիւք Մասեաց»: Գեղապաշտ շրջանին պատիւ էր «հովիւ» կոչուիլ: Սիամանթօ Մեսրոպ Մաշտոցի բերանով աղօթեց. «Օգնէ՛ ինծի, մեծապարգե՜ւ իմաստութիւն, / Ես՝ անցուպ հովիւ մեծ քարոզիդ, / Ես՝ եղկելի մահկանացու, ես՝ տժգոյն տնտես / Հայկազնեան ահեղ ցեղին»: Ռուբէն Սեւակ հարց տուաւ սիրոյ գաղափարը հետապնդող փոքրիկ հիվիւին. «Փոքրիկ հովի՜ւ ուխտագնաց / Ըսէ՝ որո՞ւ ձգեցիր / Ոչխարներդ ցանուցիր»: Դանիէլ Վարուժան ողբաց անփորձ ճերմակ աղջկան ուլիկը. «Բայց իր զոհէն նոր ծաղիկներ չբուսան, / Եւ ինք չեղաւ թիթեռներու հովւուհ»ջ: Իսկ երբ կարդացինք Յովհաննէս Թումանեանի «Լեռների Հովիւը» արձակ բանաստեղծութիւնը, հասկցանք, թէ զուարթ էր անոր հովուական սրինգին ձայնը, միայն տխուր էին անոր թուխ ու կրակոտ աչքերը, որովհետեւ ան հայրենիքէն եւ իր ոչխարներէն վտարուած՝ Սասնոյ լեռներու հովիւ էր:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՀՈՎԻՒԸ
Հայը ունեցաւ հօտին նուիրուած պարկեշտ եւ պաշտելի հովիւներ: Յարգելի ընթերցող, կարդացէք Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային Ջոջեր»ու «Ներսէս Վարժապետեան» հատուածը ու դուք կը հասկնաք, թէ ի՛նչ է քաջ հովիւը. «Իւր անձն իւր ոչխարներուն վրայ դրած է: …Շատ կրօնաւորներ… կ՛ելնեն իրենց ժողովրդեան վրայ կը նստին եւ անոնց անտանելի բեռ մը կ՛ըլլան. Վարժապետեան աշխատած է միշտ իւր արածած հօտին լուծը թեթեւցնելու»: Կ՛արժէ յիշել «Մենք ենք մեր սարերը» շարժապատկերին մէջ արտասանուած իմաստուն խօսքը. «Հովուի խօսքը խօսք է»: Բայց, Վանի, Վարագավանքի, Արծուի Վասպուրականի, Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի, Կարնոյ, Խարբերդի, Բաղէշի եւ Տրապիզոնի քաջ հովիւ Գարեգին Սրուանցտեանցը մեզ զգուշացուց. «Ողբացէ՛ք այն ժամանակ, երբ ժողովուրդն անգէտ եւ անզգայ՝ իբրեւ ոչխար անմեղ բայց անբան, երբ իշխանն փառամոլ եւ օտարին անձնատուր, երբ զինուորն եւ զօրապետ՝ վատ եւ նենգաւոր, երբ կրօնաւորն մարմնասէր, եպիսկոպոսն իր պատուոյ համար, քահանան՝ արծաթի համար կը փոխարինեն ազգն ու կրօնքը… ողբալու է այն ախտակիր ժողովուրդը, ողբալու է այն անկարեկից հովիւն ու առաջնորդը»:
ԳՐԱԳԷՏ ՀՈՎԻՒԸ
Հայ հովիւը տասնեակ մը հնատիպ գիրքերու մէջ յայտնուեցաւ՝ իբրեւ վերնագիր: Անդրանիկ հրատարակութիւնները հոգեւոր ներածութիւն ունէին: Ահա այդ ընտիր հաւաքածոյի նմոյշները. «Յիշատակարան քահանայական վարուց կամ մեծի հովուապետի Յիսուսի Քրիստոսի խրատք ոգէշահք առ հովիւս եկեղեցւոյ իւրոյ եւ առ այլ քահանայս»՝ Վիէննա, 1852, «Թուղթ Հովուական»՝ Կ. Պոլիս, 1854, «Ալպեան Հովիւ»՝ Թիֆլիս, 1895, «Փաշան՝ Հովիւ – Արեւելեան զրոյց»՝ Թիֆլիս, 1896, «Թուղթ հովուական՝ Ուղղուած Արաբկիրու վիճակի եկեղեցիներուն ու ժողովուրդին»՝ Կ. Պոլիս, 1900, «Հովիւին խրատները՝ ուղղուած Ատանայի ու ամբողջ թեմական ժողովուրդին»՝ Կ. Պոլիս, 1908, «Հովուական Սրինգ»՝ Զմիւռնիա, 1909, «Փոքրիկ Հովիւ Գիտունը»՝ Ֆրումոասա, 1931, «Հովուական Թուղթ առ Պրազիլահայս»՝ Սան Փաւլօ, 1938, «Էջեր Յ. Թումանեանի Անուշ Հովուերգութենէն»՝ Փարիզ, 1937: Իսկ 1906 թուականին, «հովիւ» բառը հասաւ իր գրական փառքին: Այդ օր, Թիֆլիսի մէջ, Եզնիկ քհնյ. Երզնկեանի խմբագրութեամբ բառս դարձաւ թերթի անուն. «ՀՈՎԻՒ?- Հոգեւոր, բարոյական, պատմական, հասարակական եւ մանկավարժական շաբաթաթերթ»:
ՀՈՎԻՒԻ ԵՐԳԸ
Հովիւը, որ բնութեան հարազատ երգիչն է, բարի ոչխարներն են անոր վկան, հայկական երգարուեստին մէջ անտես պիտի մնար, եթէ Խաչատուր Աւետիսեանը բարեխղճութեամբ յօրինած չըլլար «Հովուի Երգը». «Ես հովիւ եմ զով սարերում… / Քեզ համար եմ փչում շուին / Զով արշալոյսին, / Որ դու լսես ու մօտս գաս, / Շրջենք միասին»: Մենք երկու ընտիր երգի խօսք կը պարտինք նաեւ Թումանեանին եւ Կոմիտասին. «Շուին փչեց հովիւն ահա, աղջիկն ու սէրն անո՜ւշ, անո՜ւշ… Լուսնակն անուշ, հովն անուշ, վա՜յ, լէ՛, լէ՛, լէ՛, լէ՛, հովիւի փողն էր անուշ»: Իսկ հայկական դպրոցի մէջ ամէն ուսուցիչ իր աշակերտին հաճոյքով երգել կու տայ «ա՜յ, խեղճ» հովիւին երգը. «Հովիւը սարում տխրեց, սիրոյ երգը նուագեց»…
ՇԱՆԹԱՀԱՐ ՀՈՎԻՒԸ
Հայրենի մամուլին մէջ հովիւը այսօր այնքան ալ քնարական կեանք մը չ՛ապրիր: Հովիւը, այժմ, Հայր Ալիշանի 150 տարի առաջ յօրինած գեղապաշտ կերպարէն շատ հեռու է: Ակնարկ մը նետենք թերթերու մէջ լոյս տեսած քանի մը զգայացունց խորագիրներու վրայ. «Հովիւների գերեվարման վտանգ կայ, 39 բնակավայր դարձել է սահմանամերձ», «Հայաստանում հովիւների պակաս կայ», «Ջաջուռում հովիւներ են կայծակնահարուել», «Շիրակի մարզում հովիւներ են կայծակնահարուել. նրանցից մէկի վիճակը ծանր է»:
***
Երբ Նոր Տարին կը մօտենայ եւ մենք կը պատրաստուինք միմեանց երկար ու երջանիկ նոր տարիներ մաղթելու, թող 2023ին մեր բոլոր հովիւները՝ հոգեւոր, քաղաքական եւ ռազմական, ըլլան քա՛ջ, բարի եւ մշտարթուն: Այժմ ձեզի հրաժեշտ կու տամ՝ մէջբերելով մէկ այլ բարի հովիւի՝ Մովսէս Խորենացիի յօրինած Սուրբ Ծննդեան օրհնութեան շարականը, որպէսզի, նոր եւ բարի հովիւներ ծնին հայոց աշխարհին մէջ.
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս՝
Տան աւետիս աշխարհի»: