ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Շաբաթ, 17 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Նիւ Եորքի «Քիփրիանի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (ՔՈԱՖ, COAF) տարեկան 19րդ դրամահաւաքի ձեռնակը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ 6 միլիոն տոլար գոյացնել:
Համաճարակին պատճառով, նախորդ երկու տարիներուն, կազմակերպութեան գլխաւոր դրամահաւաքի այս ձեռնակը առցանց տեղի ունեցած էր։
Ձեռնակը վարեցին Լոս Անճելըսի FOX 11 կայանի Good Day LA յայտագիրի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան, ՔՈԱՖի զարգացման հարցերու տնօրէն Հայկ Պոյաճեան, իսկ գեղարուեստական ծրագիրին մասնակցեցան հռչակաւոր ջութակահար Արա Մալիքեան, թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեան, 12ամեայ թաւջութակահար Լիանա Ուլիխանեան եւ 13ամեայ ջութակահար Դաւիթ Բաբայեան։
Ձեռնարկին հաճելի պահերէն մէկն էր Հայաստանէն աշակերտներու՝ Աննա Ռաֆայէլեանի (Լանջիկէն, Շիրակի մարզ) եւ Արթուր Սիմոնեանի (Արտենիէն, Արագածոտն) վկայութիւնը՝ ՔՈԱՖի մարդասիրական աշխատանքերուն ունեցած բարեբեր արդիւնքներուն մասին։
Կազմակերպութեան այս տարուան «Մարդասիրական» մրցանակը տրուեցաւ Միշիկընէն տէր եւ տիկին Փիթըր եւ Մարլին Սարգիսեաններուն, որոնք առատաձեռն նուիրատուութիններ կատարած են կազմակերպութեան կրթական եւ առողջապահական բարեսիրական ծրագիրներուն համար։
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Հայաստանի գիւղական շրջաններու աշակերտներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կեանքի որակի բարձրացման նպաստող՝ կազմակրպութեան աշխատաքներու ընդարձակման։ Այդ ծրագիրներուն շարքին են արդի դաստիարակչական SMART կեդրոնները:
Կազմակերպութեան հիմնադիր եւ ատենապետ Կարօ Արմէն տեղկութիւններ տուաւ Հայաստանի եւ Արցախի մտահոգիչ իրավիճակին մասին՝ շեշտելով Արցախի հայութեան կարիքներուն հասնելու կենսական կարեւորութիւնը յատկապէս այս հանգրուանին, երբ անիկա անջատուած է աշխարհէն։ Ան նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը խոստսցած է 20 միլիոն տոլար նուիրել Սիւնիքի մէջ եկու յաւելեալ SMART կեդրոններ կառուցելու եւ զանոնք պահպանելու նպատակին։
Ձեռնարկին գլխաւոր նուիրատուներն էին՝ Լոս Անճելըսէն Ճէք եւ Զարիկ Եուրէճեանները (մէկ միլիոն տոլար) եւ անանուն նուիրատու մը (մէկ միլիոն տոլար), իսկ Կարօ Արմէն անգամ մը եւս մէկ միլիոն տոլար նուիրեց։
Այլ յատկանշական նուիրատուութիւններ կատարեցին JHM հիմնարկութիւնը (250,000 տոլար),
Փիթըր եւ Մարլին Սարգիսեանները (200,000 տոլար), չորս անանուն նուիրատուներ (100,000ական տոլար), Վիքթոր եւ Ճուտիթ Ծառուկեան (100,000 տոլար), Մայքըլ Փանոսեան (100,000 տոլար) եւ Փօլ եւ Ալին Կրիֆըն (100,000 տոլար)։