Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը որոշեց ստիպել Ատրպէյճանը՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցներուն` ապահովելու Լաչինի միջանցքով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդներու տեղափոխութիւնը:
Դատարանի որոշումը կը պարտաւորեցնէ նաեւ ճամբան անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու ապահով տեղաշարժը։ Այս մասին կը յայտնէ միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչը:
Հայաստան միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջ եւ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն ներկայացուցած էր Եւրոպական դատարանին` խնդրելով միջանկեալ միջոց կիրարկել Ատրպէյճանի նկատմամբ «Լաչինի միջանցքով» անցնող ճամբու արգելափակման պատճառով բնակչութեան իրաւունքներու խախտումները վերացնելու համար:
Ըստ այս մասին հաղորդագրութեան` որոշման մէջ կը նշուի, թէ դատարանը նկատի առած է այն, որ այս պահուն վիճելի է «Լաչինի միջանցք»ի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկողութեան առկայութեան հարցը, ինչպէս նաեւ 9 Նոյեմբերր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտով Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս, «երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով երկկողմ ուղղութեամբ տեղափոխուող անձերու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու ապահովութիւնը, եւ յիշեցուց Եւրոպական ուխտով ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Իր հերթին, Ատրպէյճան Հայաստանի դէմ հայց ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին` պաշտօնական Երեւանը մեղադրելով Լաչինի շրջանին մէջ ատրպէյճանցիներուն ունեցուածքը ոչնչացնելուն մէջ: