ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Արցախի պաշարումին վերջ տալու՝ ամերիկեան քայլերը քննարկելու նպատակով, առցանց հանդիպում մը իրականացուցած է Արցախի ներկայացուցիչներուն, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ առաւել քան 50 քոնկրեսականներու ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Քննարկումը համադրեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան, իսկ անոր մասնակցողներէն էին՝ Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան, Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ Արցախի Հայ Դատի յանձնախումբէն Գեւ Իսքէճեան։ Առաջին երկուքը Երեւանէն միացան քննարկումին, որովհետեւ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին փակումին պատճառով չեն կրնար Արցախ վերադառնալ։
Շեշտուեցաւ, թէ անյապաղ պէտք է վերջ տրուի մարդկային աղէտի մը վերածուելու սպառնացող պաշարումը եւ պէտք է անմիջական աջակցութիւններ տրամադրուին Արցախի շրջափակուած ժողովուրդին, եւ նոյն ժամանակ պէտք է դադրեցուին Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները։

Բեգլարեան, Ստեփանեան եւ Իսքէճեան մանրամասնութիւններ փոխանցեցին ճգնաժամին հետեւանքներուն մասին՝ շեշտելով, որ Պաքու ոչ միայն միջազգային օրէնքներ, այլ նաեւ իր իսկ ստորագրած 9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագիրին պայմանները կ՛ոտնակոխէ իր արարքով։
Բեգլարեան շեշտեց, թէ մինչեւ այն ատեն, որ միջազգային համայնքը լուրջ պատժամիջոցներու չի դիմեր Ատրպէյճանի դէմ, Պաքու պիտի շարունակէ իր ոճիրները։
Իր կարգին, Փալոն շեշտեց, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը կը շարունակէ իր ջանքերը, որպէսզի Սպիտակ տունը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործնական քայլերու դիմեն՝ վերջ դնելու համար Արցախի շրջափակումին, տեղի ունեցածը Պաքուի մշակած «ցեղային մաքրագործում»ի քաղաքականութեան մէկ էջը համարելով։
Արդէն իսկ առաւել քան 45 քոնկրեսականներ դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը: Այդ նպատակով քոնկրեսականներու դիմելու համար այցելել կայքէջը։