ՊԵՐԼԻՆ.- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւն 21 Դեկտեմբերին յայտարարեց, թէ 12 Դեկտեմբերէն ի վեր փակ կը մնայ Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի (Լաչին) միջանցքը, պաշարուած վիճակի մէջ պահելով Արցախի հայութիւնը։
«Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբուն երկարատեւ փակումը կրնայ յանգեցնել սարսափելի հետեւանքներու», ազդարարեց Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հիւ Ուիլեըմսըն:
«Անկախ անկէ, թէ ով է ճամբան փակողը, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ միջանցքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը պէտք է երաշխաւորեն, որ անցքը բաց մնայ` ապահովելու համար ազատ տեղաշարժը եւ կենսական ապրանքներու եւ սպասարկութիւններու հասանելիութիւնը: Որքան երկար տեւէ հիմնական ապրանքներու մատակարարումներու եւ սպասարկութիւններու խափանումը, այնքան մեծ պիտի ըլլայ վտանգը շրջանի քաղաքացիներուն համար», ընդգծեց հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյի տնօրէնը: