Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբերի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի Տարուան» նուիրուած համերգը՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի եւ Հոգաբարձական կազմին, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, մասնակցութեամբ խումբ մը փոքրիկներու եւ երաժիշտներու, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի:
Համերգին ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմը, Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ազգային երեսփոխան Սարգիս Թաթիկեան, եկեղեցւոյ բարերար Կիտցինեան ընտանիքի անդամներ, նուիրեալներ, ծնողներ, հարազատներ եւ հիւրեր:
Առաջնորդ սրբազան հօր եւ եկեղեցին բերնէ-բերան լեցուցած ժողովուրդին բարի գալուստ մաղթեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ապա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրէն կատարեց ընթերցում՝ նշելով, որ Ս. Սարգիս եկեղեցին բարի մտածումը ունեցած է իր ուժերով կազմակերպելու «Սփիւռքի Տարուան» նուիրուած համերգ, մանաւանդ որ երկրորդ տարին ըլլալով, Արամ Ա. կաթողիկոսը 2023 տարեշրջանը կը նուիրէ Սփիւռքի գաղութներու վերակազմակերպման խիստ անհրաժեշտ գործին:
Եկեղեցւոյ դասին մէջ խմբուած 22 դպիր-դպրուհիները համերգը բացին Մակար Եկմալեանի «Ո՜վ Հայոց Աշխարհ» երգով (աքափելա), որմէ ետք լարային, փողային եւ հարուածին գործիքներով խումբին միացան երիտասարդ նուագողներ (Գոգոր Օհանեան, Կարին Մելքոնեան, Սթիւըն եւ Քրիս Այնթապլեաններ), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մարիա Քէշիշեանի եւ Հիլտա Մնակեանի, հարուածային գործիքի վրայ՝ Արթուր Քէշիշեանի:
Այնուհետեւ ասմունքային խօսքերով, մեներգ-զուգերգներով եւ երգչախմբային երգեցողութեամբ դպրաց դասը մեկնաբանեց Մեսրոպ Մաշտոցի, հայոց տառերու, հայկական եկեղեցւոյ եւ հայ արագիլին նուիրուած դասական ու ժողովրդային երգեր, ապա հնչեցուց Կոմիտասի «Տէր Ողորմեա»ն, Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» ասմունք-երգը, Ուիլեըմ Սարոյեանի հանրածանօթ խօսքերով՝ «I should like to see» անգլերէն երգը, Բարսեղ Կանաչեանի «Հայրենի Կարօտ» զուգերգը: «Բամբ Որոտան»էն ետք ներկաներուն խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ դպրաց դասին միացան շնորհալի փոքրիկներ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ եւ ներշնչանքով երգեցին «Հայ Ենք Մենք»ը եւ «Կենաց Երգը»: Համերգը նոյն թափով շարունակուեցաւ փոքրերուն հեռանալէն ետք եւս: Ժողովրդային սիրուած երգեր յաջորդեցին իրարու՝ «Նուպար, Նուպար», «Կռունկ, Բարով Դառնաս», «Ազգ Փառապանծ», «Հայորդիք» եւ լսելի դարձան Երուանդ սարկաւագի գրած՝ առաջնորդ սրբազան հօր հովուական Ա. տարուան նուիրուած խմբերգը եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նուիրուած «Ձօն»ը (Շահանդուխտի բառերով, Թորգոմ եպիսկոպոսի յօրինումով եւ Վ. Էմմիեանի մշակումով):
Համերգի վերջին խմբերգը եղաւ Շարլ Ազնաւուրի «Քեզ Համար, Հայաստան»ը: Որոտընդոստ ծափերէ ետք, առաջնորդ սրբազանը իր խանդավառութիւնը եւ գանահատանքը ուղղեց թէ՛ հոգաբարձութեան, կամաւոր եւ նուիրեալ աշխատողներուն, թէ՛ դպրաց դասի իւրաքանչիւր անդամին ու երաժիշտներուն, խմբավար Երուանդ սարկաւագին, բոլոր փոքրիկներուն եւ ծնողներուն՝ կարեւորութեամբ շեշտելով համայնքայի կեանքը աշխուժացնելուն մէջ բոլոր բաղադրիչներուն բերած նպաստը եւ նման համերգներու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Համերգային ջերմ եւ զուարթ մթնոլորտով յագեցած երեկոն փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի խմբային երգեցողութեամբ եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով: