ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիա-Ռուսիա-Սուրիա առանցքին վրայ հաւանական դարձած խմորումները այս շրջանին հետզհետէ կը բարձրաձայնուին գագաթնային մակարդակի վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Ասատի միջեւ հանդիպման մը հաւանականութիւնը։ Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս եռոտանիին վրայ այս ուղղութեամբ աշխատանքները հասած են որոշ հասունութեան։
Էրտողան Թիւրքմենիստան կատարած այցելութենէն վերադարձի ճանապարհին անդրադարձաւ այս նիւթին՝ նշելով. «Մենք կը փափաքինք եռակողմանի քայլ մը առնել՝ իբրեւ Սուրիա-Թուրքիա-Ռուսիա։ Նախ թող մէկտեղուին մեր յատուկ ծառայութիւնները, ապա ՝ մեր պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները։ Հուսկ, մենք մէկտեղուինք՝ իբրեւ ղեկավարներ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ այս բանը առաջարկած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինին եւ ան ալ հաշտ աչքով դիտած է այս առաջարկը։
Էրտողան այս մանրամասնութիւնները հաղորդեց՝ պատասխանելով Սոչիի համաձայնութեան վերաբերեալ հարցումի մը։ Իրեն յիշեցուեցաւ նաեւ, որ Ուաշինկթընէն վերապահութիւններ կ՛արտայայտուին իր եւ Ասատի միջեւ հանդիպման մը հաւանականութեան շուրջ։ Այս կապակցութեամբ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ պարագային առնուելիք քայլերուն գծով բնորոշիչ հանգամանքը պիտի ըլլան Թուրքիոյ ազգային շահերը։ «Ես ոմանց թոյլտուութիւնը առնելով չեմ որոշեր, թէ որո՛ւ հետ, ե՛րբ եւ ինչպէս պիտի տեսակցիմ», ըսաւ Էրտողան։
Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Էրտողան խիստ ազդարարութիւն ուղղեց Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան, ըստ որուն, Թուրքիա եւս պէտք է հետեւի Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան սահմանուած պատժամիջոցներու պայմաններուն։ «Պորել չի կրնար ճշդել կամ կարգաւորել Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները։ Ան այս նիւթերուն շուրջ նման որոշում մը տալու որակը եւ կարողութիւնը չունի։ Ասիկա շատ տգեղ արտայայտութիւն մըն է», եզրափակեց Էրտողան։
Սուրիոյ արիւնալի ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ շատ երկար ժամանակէ ի վեր ցրտութիւն մը կը տիրէր Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ։ Իրադարձութիւններու փոփոխութեան զուգահեռ՝ այժմ երկու դրացիներուն միջեւ նոր քաղաքական կլիմայ մը կը ձեւաւորուի։