ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»..- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13ին, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ երկու երկիրները յուզող հարցերու մասին, անցեալ շաբթուան ընթացքին Հանրապետական կուսակցութեան կրած ընտրական պարտութեան լոյսին տակ:
Դէպի Ուաշինկթըն թռիչքին ընթացքին Օլմերթ իրեն ընկերացող լրագրողներուն յայտնեց, որ իր այցելութեան օրակարգին վրայ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ Իրանի հիւլէական տագնապը եւ աւելցուց, թէ աւելի կարծր մօտեցում պիտի պահանջէ Ուաշինկթընէն: Հակառակ ասոր՝ Օլմերթ ջուր խառնեց իր պաշտպանութեան փոխնախարար Իֆրայիմ Սնէյի կատարած սպառնալիքին, թէ Իսրայէլ կրնայ զինուորական հարուածով մը վերջ դնել Իրանի հիւլէական ծրագիրին: Արդարեւ, Սնէյի յայտարարութիւններուն մասին մեկնաբանութիւն խնդրած լրագրողներուն Օլմերթ պատասխանած է. «Այսպիսի հարցերու մասին խօսելու ատեն պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք, թէ ի՛նչ կ՚ըսենք»:
Օլմերթ Պուշի հետ արծարծեց նաեւ պաղեստինցիներուն հետ իրենց դիմագրաւած հարցերը, մանաւանդ Արեւմտեան Ափէն քաշուելու ծրագիրը, բանակցութիւններուն վերսկսումը, «Համաս»ի «վնասազերծում»ն ու Կազայի մէջ իսրայէլեան յարձակումները: