ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստանի եւ Թուրքիայի սահմանները եղել եւ մնում են Վուտրօ Ուիլսընի կողմից սահմանագծուած սահմանները: Իրաւական ուժ ունեցող որեւէ այլ փաստաթուղթ, ըստ որի որոշւում են երկու երկրների սահմանները՝ գոյութիւն չունի: Մնացեալ փաստաթղթերը, որոնք որեւէ կերպ անդրադարձել են հայ-թուրքական սահմաններին, այդ թւում՝ Կարսի, Մոսկուայի, Լօզանի պայմանագրերը, չունեն իրաւական ուժ, հետեւաբար՝ չեն կարող վերատեսութեան ենթարկել Վ. Ուիլսընի իրաւարար որոշումը», Նոյեմբեր 14ին հրաւիրուած ասուլիսին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական, Քանատայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեան:
Հայ դիւանագէտը աւելցուց, որ ուիլսընեան սահմանները Սեւրի դաշնագրով ճշդուած տարածքները չեն, ինչպէս շատերը կը կարծեն, այլ այդ դաշնագրով նախատեսուած իրաւարար որոշում են:
Սեւրի դաշնագրի 89րդ յօդուածով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընին վերապահուած էր կայացնելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի իրաւարար որոշումը: Ինչպէս նշեց դիւանագէտը, հարցը կարեւոր է այն առումով, որ միջազգային օրէնքի մէջ այն, ինչ կ’ընդունի իրաւարար որոշումով՝ անժամկէտ հիմք է եւ համաձայնութիւն, որ որեւէ որոշում ընդունելի ըլլայ: Այսինքն՝ Սեւրի դաշնագրի ստորագրումով, մօտաւորապէս 20 պետութիւն ընդունած էր, որ ինչպիսի որոշում ալ կայացուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններու վերաբերեալ՝ ընդունելի է:
1920 Նոյեմբերին, ԱՄՆի նախագահ Ուիլսըն ստորագրած է իրաւարար որոշումը, որ պաշտօնապէս ուժի մէջ մտաւ 1920ի Դեկտեմբեր 6էն սկսեալ: «Այդ օրուանից ի վեր Հայաստանի եւ Թուրքիայի տարածքները սահմանազատւում են Ուիլսընեան սահմաններով. այլ իրաւական ուժ ունեցող փաստաթուղթ գոյութիւն չունի», հաւաստիացուց Ա. Պապեան եւ աւելցուց, որ այդ տարածքի վրայ փաստացի տիրապետութիւնը կը պատկանի Հայաստանին:
Մոսկուայի պայմանագիրը անվաւեր է եւ չունի իրաւական որեւէ ուժ, քանի որ ան, ըստ Ա. Պապեանի, ստորագրուած է երկու անօրինական երկիրներու՝ քեմալական Թուրքիոյ եւ պոլշեւիկեան պետութեան միջեւ:
Ըստ դիւանագէտին՝ միջազգային համապատասխան կառոյցներու, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿի միջազգային դատարանի միջոցով, անհրաժեշտ է վերահաստատել այդ տարածքի վրայ մեր իրաւունքները կամ ինչպէս միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ընդունուած է կոչել՝ «տարածքի տիտղոսը», որ կ’որոշէ երկիրի (հողատարածքի) պատկանելութիւնը: «Հայաստանը որպէս միջազգային իրաւունքի լիիրաւ միաւոր կարող է հարցը բարձրացնել համապատասխան կառոյցներում, որը լուծում ստանալու դէպքում, հնարաւորութիւն կ’ընձեռի նախեւառաջ ապաշրջափակել Հայաստանը, այդ տարածքով ազատ փոխադրումներ իրականացնել, դէպի ծով ելք ունենալ, տարածքն օգտագործման տրամադրել այլ երկրներին, ինչպէս նաեւ դատական գործընթաց սկսել Պաքու-Ճէյհան նաւթամուղի՝ British Petroleum ընկերութեան դէմ, այն պարզ պատճառով, որ տարածքում իրականացւում են բեռնափոխադրումներ, այս դէպքում4 նաւթ5 առանց իրաւական տիրոջ համաձայնութեան: Այսինքն՝ այս գործընթացները ճիշդ իրականացնելու պարագայում մեր առջեւ ծառացած այսօրուայ մարտահրաւէրները կը վերափոխուեն ի նպաստ մեզ», եզրափակեց Ա. Պապեան:
Ան համոզում յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի համար այսօր ամենալուրջ խնդիրը ոչ թէ Արցախի հարցն է, այլ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու յստակացումը, այսինքն՝ «այդ տարածքների վրայ մեր իրաւունքները վերականգնելու հարցը… Սա բաւական իրատեսական հնարաւորութիւն է, աւելի իրատեսական, քան Ցեղասպանութեան ճանաչման միջոցով նպատակին հասնելը. պարզ է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզ համար նպատակ չէ, այլ միջոց»:
Ա. Պապեան աւելցուց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները ճշդելու ընթացքին, Հայաստանի միակ հնարաւորութիւնն է իրաւական ճանապարհով առաջնորդուիլը. ԼՂ խնդիրի լուծումը եւս, ըստ իրեն, պէտք է տեղափոխուի իրաւական հարթութիւն եւ ընդգծեց, որ Թուրքիա չի կրնար անտեսել միջազգային օրէնքը:
Նշենք, որ 1920 Նոյեմբեր 22ին, Վ. Ուիլսընի պատրաստած քարտէսի համաձայն, Թուրքիոյ տարածքէն ներս գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի 90,000 քառակուսի քիլոմեթրը պէտք է անցնէր Հայաստանին՝ զայն դարձնելով 162,000 ք.քմ. տարածքով երկիր:
Ա. Պապեան նշեց նաեւ, որ այս բոլորը իր անձնական տեսակէտներն են եւ ոչ թէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան: