Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան ատրպէյճանցիներուն կողմէ փակելու իրականութեան անդրադարձան տարբեր երկիրներ՝ կոչ ուղղելով քայլերու դիմել մարդասիրական աղէտի առաջքը առնելու։
Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լաչինի միջանցքի փակման եւ անոր յաջորդող զարգացումներուն: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ վերաբանալու միջանցքը եւ ապահովելու ազատ տեղաշարժը` խուսափելու մարդկասիրական որեւէ աղէտէ», նշեց նախարարութիւնը։
Ֆրանսա կոչ ուղղեց՝ առանց նախապայմաններու վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկը։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ Ատրպէյճանը հրաւիրեց յարգելու Արցախի բնակչութեան իրաւունքները եւ յիշեցուց հրադադարի մասին 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ «Ատրպէյճան պարտաւոր է երաշխաւորել Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու տեղաշարժի ապահովութիւնը», նշեց նախարարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, անդրադառնալով Արցախի մէջ կազամատակարարման դադրեցման՝ դիտել տուաւ, որ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ դարձնելը անընդունելի է: «Ես կ՛ուզեմ յատկապէս յստակօրէն ըսել, որ որեւէ աշխատանքի խափանում (իսկ մենք տեսած ենք ուժանիւթի ենթակառուցուածքի աշխատանքի խափանումներու մասին հաղորդումներ) կրնայ յանգեցնել մարդկասիրական ճգնաժամի` յատկապէս ձմեռնային ամիսներուն: Եթէ անիկա միտումնաւոր է, անընդունելի է Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ դարձնելը», ըսաւ Փրայս: