Հոլանտայի խորհրդարանը 13 Դեկտեմբերին որդեգրեց «Քաղաքական բարեփոխուած կուսակցութիւն», «Քրիստոնէական միութիւն», «Գիւղացի-քաղաքացի շարժում» եւ Ընկերավարական կուսակցութիւններու խմբակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման: Լուրը փոխանցեց Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը:
Միջնորդութեան մէջ կը նշուի, որ, հակառակ 9 Նոյեմբեր 2020ի պայմանաւորուածութիւններուն, Ատրպէյճան փակած է Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի միջանցքը եւ դադրեցուցած Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը: Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ «ռուս խաղաղապահները չեն միջամտեր այդ տարածքին մէջ, եւ որ այս իրավիճակը կը սպառնայ ստեղծել մարդասիրական առումով արտակարգ իրավիճակ Արցախի բնակչութեան համար»: Բացի այդ, կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի՝ Եւրոպական խորհուրդին յորդորել համատեղ կոչով դիմել Ատրպէյճանին՝ դադրեցնելու թշնամական գործողութիւնները Արցախի ժողովուրդին դէմ եւ բանալու միջանցքը:
Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը ողջունեց միջնորդութեան ընդունումը Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ:
«Մենք ակնկալում ենք կառավարութեան արագ գործողութիւնները` վերջ դնելու Ալիեւի դաժան բռնապետութեան կողմից ստեղծուած հումանիտար աղէտին, մասնաւորապէս` ճանապարհի ապաշրջափակման եւ շրջափակումը չկրկնելու համար միջազգային երաշխիքների ստեղծման, ինչպէս նաեւ Եւրամիութեան կողմից Ստեփանակերտ օդային փոխադրումներ կազմակերպելու միջոցով», կ՛ըսուի Հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան հաղորդագրութեան մէջ: