Երրորդ օրը ըլլալով Արցախ շրջափակման մէջ է. ատրպէյճանցիները Լաչինի միջանցքի Շուշիի հատուածին մէջ կը շարունակեն, իրենց ձեւակերպումով, բնապահպանական ցոյցը, եւ արդէն 25 ժամէ ի վեր, Արցախ նաեւ կազ չունի. 120 հազար բնակիչներ մնացած են առանց ջեռուցման: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
«Մենք չգիտենք, թէ սա ինչքան է շարունակուելու, մենք անցնում ենք խնայողական ռեժիմի (դրութեան), խնայողական ռեժիմ նաեւ կառավարութեան համար», յայտարարեց Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան։ Ան առաւօտուն յայտարարեց, որ վառելանիւթը առաջնահերթ դրութեամբ կը տրամադրուի միայն շտապ օգնութեան ծառայութեան, հասարակական փոխադրամիջոցներու եւ յատուկ ծառայութիւններուն։
Նաեւ արցախցիներուն կոչ ուղղուեցաւ՝ իրենց ունեցած վառելանիւթը խնայողութեամբ գործածելու։ Արցախի մէջ արդէն իսկ յառաջացած է վառելանիւթի պակաս։ Ստեփանակերտցիները արդէն անցան փայտէ վառարաններու:
Ատրպէյճանցիները Հայաստանէն դէպի Արցախ երկարող կազատարը, որ տեղ-տեղ նաեւ ատրպէյճանական դարձած տարածքով կ՛անցնի, այս տարուան Մարտին փակեցին, ապա փական տեղադրեց հոն՝ Լաչինի միջանցքի տարածքին մէջ:
14 Դեկտեմբերին, «Ազերիգազ»ը յայտարարութեան մը միջոցաւ մը յայտնեց, թէ իրենք կապ չունին կազի այս անջատման հետ: Ըստ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի՝ ասիկա անլուրջ է, իրենք ինչ ուզեն կրնան ըսել, բայց իրականութիւնը այն է, որ Արցախ կազ չի ստանար:
Կազի չգոյութեան պատճառով, 36 դպրոցներ փակեցին իրենց դռները. փոքրիկները չկրցան ընդունիլ 27 մանկապարտէզները. բաց էին միայն այն դպրոցները, որոնք փայտէ ջերուցման դրութիւն ունին։
Կազի բացակայութիւնը եւ Արցախի միակ ճամբուն փակ մնալը առողջապահական համակարգին մէջ եւս հարցերու դուռ բացաւ։ Ստեփանակերտի հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժինին մէջ կան 11 ծանր հիւանդներ, 2ը՝ ծայրայեղ ծանր, սակայն կարելի չէ զանոնք Երեւան տեղափոխել։ Արցախի հիւանդանոցներուն մէջ այժմ ընթացիկ վիրահատութիւններ չեն կատարուիր` վառելանիւթ խնայելու համար:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը դիմեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ)` կոչ ուղղելով արձագանգել ու գնահատական տալ` մարդասիրական աղէտը կանխելու համար։
Արցախի կառավարութիւնը վստահեցուց, որ ուտելիքի պաշարները ներկայիս բաւարար են: Գիներու անհիմն բարձրացում պիտի չըլլայ: Արցախը այս պահուն Հայաստանէն կամ որեւէ այլ տեղէ ոչինչ կրնայ ստանալ։
Վարդանեան շեշտեց, որ, հակառակ ամէն ինչի, Արցախի մէջ խուճապ չկայ: «48 ժամից աւելի է մեզ մօտ շարունակւում է այս իրավիճակը: Ես տեսնում եմ իսկապէս համախոհութիւն, ոչ մի խուճապ չկայ, մարդիկ իսկապէս պատրաստ են պայքարելու», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 13 Դեկտեմբերին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը շարունակեց բանակցիլ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ` իրավիճակը կայունացնելու եւ Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբան ապաշրջափակելու համար։
Վարդանեան ըսաւ, որ պատրաստ են բնական բանակցութիւններու, կը հասկնան նաեւ խաղաղապահներուն առջեւ ծառացած հարցերը, բայց նոյն ժամանակ կը պնդեն՝ «ճանապարհը պէտք է բացուի եւ ապահովուի մարդկանց անվտանգ տեղաշարժը Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ»։