ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 11 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Լոս Անճելըսի հռչակաւոր Comedy Store-ին մէջ (8433 Sunset Blvd., Los Angeles, CA, 90069) տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեան տարեկան 18րդ «Խնդուք կեանքի համար» ձեռնարկը, որ համաճարակին պատճառով ջնջուած էր վերջին երկու տարիներուն։
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին շարք մը կատակաբաններ, ներառեալ՝ Սեմ Թրիփոլի, Մազ Ճոպրանի, Արման Օկաննէսեան, Անթիք, Էմիր Ք., Քիրա Սոլթանովիչ եւ Ճեֆ Տայ։
Տոմսերու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել (213) 804-0979 եւ (818) 795-1454 թիւերուն, larayeretsian@gmail.com հասցէին, կամ այցելել կայքէջը: