

Իրան կը հասկնայ Սուրիայէն բխող ապահովական սպառնալիքներուն վերաբերող Թուրքիոյ մտահոգութիւնը, յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան` Անգարային յիշեցնելով, որ զինուորական գործողութիւնները ոչ թէ պիտի լուծեն հարցերը, այլ պիտի բարդացնեն կացութիւնը:
Նախարարը եւ անոր թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլու քննեցին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ընդհանուր սահմաններու երկայնքին լարուածութեան սրումը եւ զինուորական բախումները, որմէ ետք Ապտոլլահեան ըսաւ, որ հարցերու լուծումը կը պահանջէ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ ապահովական հարցերու շուրջ բանակցութիւններու շարունակութիւն:
Ան ընդգծեց, որ Իրան պատրաստ է աջակցելու Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ հարցերու քաղաքական լուծման:
Չաւուշօղլու, իր կարգին ներկայացուց ընթացիկ իրադարձութիւնները եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումը այդ հարցերուն վերաբերեալ: Ան նաեւ բարձր գնահատեց Իրանի կառուցողական դերը եւ ընդգծեց հաղորդակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Չինաստան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կոչ ըրաւ՝ անյապաղ դադրեցնելու Սուրիոյ վրայ յարձակումները: «Պէտք է խստօրէն պաշտպանենք Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Սուրիոյ ապահովական կացութիւնը կը շարունակէ անկայուն մնալ: Թուրքիա օդային հարուածներ հասցուց Սուրիոյ եւ յայտարարեց, որ ցամաքային գործողութիւն պիտի կատարէ Սուրիոյ դէմ: Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի օդային հարուածները նոյնպէս շարունակուեցան», յայտարարեց ՄԱԿի մօտ Չինաստանի փոխդեսպան Կենկ Շուանկ:
Ըստ անոր՝ այս բոլոր գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ու կրնան յանգեցնել սուրիական տագնապի սրման եւ տարածման:
«Չինաստան իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ: Մենք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ դադրեցնելու անդրսահմանային յարձակումները, խուսափելու որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ սրել կացութիւնը, նաեւ շարունակելու երկխօսութիւնը` համապատասխան հարցերը լուծելու համար», ընդգծեց Շուանկ: