ՕԴԱՅԱԿԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ՓԱԿՈՒԻ՞Լ
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի Խորհրդարանը 1 Դեկտեմբերին, ութերորդ անգամն ըլլալով ձախողեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ գումարուած նիստէն ետք, Պըրրի խորհրդարանը 8 Դեկտեմբերին իններորդ նիստի մը հրաւիրեց: Նկատի ունենալով խորհրդարանին մէջ հնչած կեցուածքները, որոնք անհրաժեշտ կը նկատէին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը՝ Պըրրի ըսաւ. «Նախագահի ընտրութեան առումով ամէնէն աւելի ես յանձնառու եմ»:
Նշենք, որ նախագահական առաջին ընտրութեան ընթացքին քուէարկեցին 111 երեսփոխաններ: Քուէարկութեան պատկերը եղաւ հետեւեալը. 52 սպիտակ քուէ, Միշէլ Մուաուատ` 37 քուէ, Իսամ Խալիֆէ` 4 քուէ, «Նոր Լիբանան»` 9 քուէ «Լիբանանի համար»` 1 քուէ, Պշարա Ապի Եունես` 1 քուէ, Պատրի Տահեր 1 քուէ եւ Զիատ Պարուտ` 2 քուէ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Օդային փոխադրամիջոցներու ընկերակցութիւնը` «Եու.Թի.Էյ.»ը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ սպառնաց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի` պաշտօնեաներու ամսականներու մէկ մասէն տուրք գանձելու որոշումին պատճառով փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանը:
«Օդային փոխադրամիջոցներու մարզի պաշտօնեաները եւ աշխատաւորները հարուածած եռամեայ մեծ անկումէն ետք, եւ պայքարներէն ու բանակցութիւններէն ետք, օդային փոխադրամիջոցներու ընկերութիւններու վարչութիւններուն հետ, անոնց ողջունելի ընդառաջումէն ետք, որ ամսականներու մէկ մասը հանգրուանային կերպով վճարուին տոլարով` ամսականներու գնողական կարողութեան զօրակցելու համար, այդ ձեւով պահպանեցինք բնական կերպով գործող օդային փոխադրամիջոցներու շարժումը, եւ այս մարզին մէջ որեւէ հարց չեղաւ, եւ ընկերութիւններու վարչութիւնները ողջունելի կերպով դրական կ՛ընդառաջէին աշխատաւորներուն արդար պահանջներուն: Սակայն, անսպասելի հարուած ստացանք ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլէն, երբ անարդար որոշում տուաւ մեր ամսականին տոլարով ստացած բաժինէն յետադարձ դրութեամբ տուրք գանձելու` այդպիսով գրիչի մէկ հարուածով ոչնչացնելով պաշտօնեաներուն համար մեր բոլոր ապահովածները», նշեց ընկերակցութիւնը:
«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան պաշտօնեաներու աշխատաւորներու միութիւնը յայտարարեց, որ պիտի զօրակցի Օդային փոխադրամիջոցներու ընկերակցութեան որդեգրելիք որոշումին: