Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մտադիր չեն Ռուսիան զետեղելու ահաբեկչութիւն հովանաւորող երկիրներու իրենց ցանկին վրայ` նկատի ունենալով, որ այդ շարք մը բացասական հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ, յայտնեց ԵԱՀԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Մայքըլ Քարփենթըր: Ան շեշտեց, թէ կրնայ վտանգուիլ Ուքրանիայէն հացահատիկ արտածելու համաձայնութիւնը:
«Ի տարբերութիւն Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու, մենք ունինք ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւններու վերաբերեալ շատ որոշակի ներպետական օրէնքներ:Մենք կը կարծենք, որ այս օրէնսդրութեան կիրարկումը պիտի սահմանափակէ Ուքրանիոյ բռնագրաւուած հատուածներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու՝ մեր կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ դիւրացնելու այլ գործողութիւններ, որոնք, մեր կարծիքով, կը բաւարարեն թէ՛ Ուքրանիոյ, թէ՛ ալ Միացեալ Նահանգներու շահերը, օրինակ` հացահատիկի գործարքը», մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ Քարփենթըր: