ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՔԱԿԱԶՄԸ
ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը Արցախի տագնապին, որոնց կարգին Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային գործիքակազմի ձեւաւորման վերաբերող հարցերուն անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը:
Փաշինեան ողջունեց ամերիկացի դիւանագէտին այցելութիւնը տարածաշրջանը եւ բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու դերը՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն:
Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան վերաբերող այլ նիւթերու շուրջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերու: Կարեւոր նկատուեցաւ Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման:
Ռիքըր նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ապահովական խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ: