Ատրպէյճանի խորհրդարանը Փարիզին կոչ կ՛ուղղէ՝ հրաժարելու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան վտանգել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու լուծման գործընթացը: Խորհրդարանը դատապարտեց Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինի երկու պալատներուն կողմէ ընդունուած հակաատրպէյճանական բանաձեւերը՝ զանոնք որակելով «կողմնակալ, ոչ-առարկայական եւ անարդար»:
Ատրպէյճանի օրէնսդիրները յատուկ յայտարարութեամբ ընդգծեցին, որ «կտրականապէս կը մերժեն այդ բանաձեւը»՝ զայն որակելով իբրեւ «քաղաքական երկերեսութիւն»:
«Ցաւով կը նշենք, որ այսօր Ֆրանսայի պետական մարմիններու, որոնց կարգին խորհրդարանի երկու պալատներու սադրիչ քայլերը կը հարուածեն խաղաղութեան օրակարգը կեանքի կոչելու եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու բոլոր փորձերը», կ՛ըուի Ատրպէյճանի խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ: