Անգարայի եւ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն մէջ նոր դարաշրջանի սկիզբը շատ հաւանական է, սակայն համապարփակ համագործակցութեան մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է, «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Օրհան Միրօղլու:
«Շատ դժուար է ըսել, որ Սուրիոյ հետ սկսած է հոլովոյթ մը, ուր կարելի է գտնել «ինչպէ՞ս», «ե՞րբ», «որո՞ւ հետ» եւ «ինչո՞ւ» հարցումներուն յստակ պատասխանները: Սուրիական կողմը, կարծես կ՛ուզէ, որ բանակցութիւնները ընթանան երրորդ երկրի մը մէջ, որ ամենայն հաւանականութեամբ Ռուսիան ըլլայ: Հետեւաբար, տակաւին կանուխ է խօսիլ համապարփակ համագործակցութեան մասին», ըսաւ Միրօղլու:
Ըստ անոր՝ Դամասկոսի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ նոր դարաշրջանի սկիզբը կրնայ դրուիլ ընտրութիւններէն առաջ, եւ անոր հաւանականութիւնը շատ մեծ է, սակայն ակնյայտ է, որ իրենք տակաւին հեռու են գործողութիւններուն մէջ գործընկերութիւն ունենալու գաղափարէն:
Զինուորական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը զինուորական ուժեր եւ սպառազինութիւն տեղափոխած է Արաբ Բունար քաղաքը, որ կը գտնուի Հալէպի նահանգային կեդրոնէն 150 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք: Ըստ անոր, առնուազն 20 հրասայլեր եւ զրահափոխադրիչներ հասած են այն տարածքը, ուր տեղակայուած են կառավարական ուժերը, մատակարարուած են հրետանի եւ ծանր գնդացիրներ: Ուժերու ամրապնդման եւ սպառազինութիւն տեղակայելու որոշումը տրուած է թրքական զօրքերու եւ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան ուժեղ գնդակոծութենէն ետք. անոնք առաւել քան 40 հրետանային հարուած հասցուցած են Արաբ Բունար եւ Թել Ռիֆաաթ քաղաքներու ծայրամասերուն:
Նախապէս թրքական անօդաչու թռչող սարքերը յարձակում գործեցին Մենեկի զինուորական օդակայանին վրայ, ուր կը գտնուի սուրիացի զինուորներու եւ քիւրտ զինեալներու պաշտպանութեան առաջնագիծը:
«Թուրքիան ամենայն վճռականութեամբ պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան աղբիւրները ցամքեցնելու իր ռազմավարութիւնը», յայտնեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար՝ աւելցնելով. «Թրքական ուժերը նախանձախնդիր են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքին քաղաքայիններուն որեւէ վնաս չպատճառելուն»:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Իրաքի հետ սահմանին վրայ եւ Կորճայք նահանգին մէջ տեղակայուած թրքական զինուորական ստորաբաժանումներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ գովաբանեց «զինուորական գործողութիւնները, զորս թրքական զինեալ ուժերը կը կատարեն հիւսիսային Իրաքի մէջ»` նշելով, որ անոնք Զապ շրջանին մէջ կը հարուածեն քրտական «բերդերը»:
«Ահաբեկիչներուն համար միակ ելքը արդարադատութեան ու դատարանին անձնատուր ըլլալն է, այլապէս զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն զանոնք ամէնուրեք հալածել եւ չէզոքացնել», ըսաւ Աքար՝ աւելցնելով. «Թուրքիա կը յարգէ մերձակայ երկիրներու գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը, եւ կը պայքարի իր սահմաններու եւ քաղաքացիներու ապահովութեան համար»: