Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ աղքատութեան մակարդակը 2021ին 26.5 տոկոս է։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը նշուի Վիճակագրական կոմիտէի` աղքատութեան մասին 30 Նոյեմբերին հրապարակուած զեկոյցին մէջ:
Հակառակ անոր որ աղքատութեան մակարդակը 2020ի հետ բաղդատած՝ նուազած է 0.5 տոկոսային կէտով, սակայն ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը 2.1 անգամ աճ արձանագրած է՝ 2020ի 0.7 տոկոսէն հասնելով 1.5ի։
Ըստ զեկոյցին` աղքատ կը նկատուի այն քաղաքացին, որուն բոլոր սպառումները միասին ամսական 48,145 դրամէն ցած եղած են: Իսկ անոնք, որոնց ամսական սպառումը 26,500 դրամէն նուազ է, կը նկատուին ծայրայեղ աղքատ: