
«Մեզի Կը Մնայ Մեր Կապը Ամուր Պահել Մեր Հայրենիքին Հետ»
Հարցազրոյցը վարեց` ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Որպէս World Vision-ի Հայաստանի մասնաճիւղին եւ նախապէս «Թիւֆէնքեան» հաստատութեան տնօրէն, ինչպէ՞ս կը գնահատէք հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը Հայաստանի մէջ:
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ կան հարիւրաւոր հասարակական կազմակերպութիւններ (ՀԿ, NGO), որոնք կարելի է դասակարգել երեք խումբի։ Կան Հայաստանի մէջ կազմաւորուած ՀԿ-ներ, կան օտար երկիրներու ՀԿ-ներ, որոնք ներկայացուցչութիւն ունին այստեղ եւ կան սփիւռքահայ ՀԿ-ներ, որոնք ունին իրենց մասնաճիւղերը Հայաստանի մէջ։ Դժբախտաբար, յատուկ քարոզչութեան պատճառով, որոշ շրջանակներու մէջ ՀԿ-ներու նկատմամբ բարդոյթ մը ստեղծուած է իբրեւ թէ անոնք լրտեսական ծառայութիւն կը մատուցեն օտար երկիրներու։ Սա շատ պարզունակ գնահատական է։ Պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանի մէջ ՀԿ-ներ մեծ աշխատանք տարած են եւ կը տանին մինչեւ այսօր։ Կան մարդասիրական ՀԿ-ներ, որոնք աղէտներու, պատերազմներու հետեւանքով յառաջացած խնդիրները կը փորձեն լուծել։ Կան ՀԿ-ներ, որոնք պետութեան հետ համագործակցաբար կը փորձեն զարգացման ծրագիրներ իրագործել միջազգային ֆինանսաւորումով։ Օրինակ՝ բարեփոխել ընկերային ծառայութիւններու ոլորտը, կամ կրթական եւ դատական համակարգերու մէջ բարեփոխումներ կատարել։ Կան երրորդ խումբի ՀԿ-ներ, որոնք կ՛աշխատին կատարել այլ տեսակի բարեփոխումներ, օրինակ՝ կաշառակերութեան կամ փտածութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան տարածման համար աշխատանքի, մարդու, կիներու, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարի, սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարի եւ ընկերային այլ երեւոյթներու հետ կապուած բարեփոխումներու համար պայքարող եւ աշխատող ՀԿ-ներ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ աշխատանք կը տանի World Vision-ը։

ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- World Vision-ը 88ի երկրաշարժէն ետք Հայաստան եկած միջազգային մեծագոյն կազմակերպութիւններէն մէկն է։ Անիկա 102 երկիրներու մէջ ունի մասնաճիւղեր։ Հարուստ երկիրներու մէջ դրամահաւաք կը կազմակերպէ եւ կը ղրկէ աղքատ երկիրներու իր մասնաճիւղերուն։ Հայաստանի մէջ առաջին տարիներուն անոր գործունէութիւնը եղած է զուտ մարդասիրական. երկրաշարժի աղէտեալներուն բժշկական օգնութիւն, տարբեր գիւղերու եւ համայնքներու մէջ սնունդի եւ կրթական օգնութիւն։ Օրինակ՝ ունեցած է շարժական բժշկական ինքնաշարժ մը, որ գիւղեր շրջագայելով բժշկական-ատամնաբուժական ծառայութիւն մատուցած է։ World Vision-ը ունի նաեւ հովանաւորչութեան ծրագիր։ Օրինակ Վարդենիսի շրջանէն հազար երեխաներ կը հովանաւորուին Ֆրանսայէն բարերարներու կողմէ։ Այդ բարերարները ամէն ամիս գումար կը փոխանցեն այդ երեխաներուն համար եւ այդ գումարին մէկ մասը կը ծախսուի երեխային պէտքերուն համար, առողջապահական, կրթական, սնունդի խնդիրներ լուծելու իսկ մնացեալ գումարը կը ծախսուի այդ երեխաներու ապրած համայնքի զարգացման համար, որովհետեւ երեխան առողջ մեծնալու նախապայմաններէն մէկը նաեւ առողջ միջավայրի ստեղծումն է։ Այդ մնացեալ գումարներով կը նորոգուի համայնքի բուժկեդրոնը, դպրոցը, զբօսայգի կը շինուի, գրադարան կը բացուի եւայլն։ Հիմա այղ հովանաւորչութեան ծրագիրները արդէն հասած են իրենց աւարտին։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ներկայիս ի՞նչ ծրագիրներ կամ աշխատանք կը տանի World Vision-ը։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Ներկայիս ունինք զարգացման ծրագիրներ։ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն հետ համատեղ կ՛աշխատինք ընկերային ծառայութիւններու որակի բարձրացման եւ համակարգի ստեղծման համար։ Սա հսկայական գործ է, որ կ՛ենթադրէ ամբողջ Հայաստանի տարածքին հարիւրաւոր ընկերային աշխատողներու վերապատրաստում եւ այդ աշխատողներու աշխատանքին բնութագիրի յստակացում եւ դրութեան կայացում։
Ունինք նաեւ մանկատուներու (որբանոց) բեռնաթափման ծրագիր։ Նշեմ, որ մանկատուներուն մէջ կ՛ապրին երկկողմանի, միակողմանի որբեր եւ անապահով ընտանիքներու երեխաներ։ Անցնող երկու տարիներուն աշխատած ենք Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ու 550 երեխայ վերադարձուցած ենք իրենց ընտանիքներուն։ Այս բեռնաթափումը իրականացուցած ենք ընտանիքներու վիճակը բարեփոխելով, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեպէս այդ ընտանիքները դարձնելով աւելի ապահով ընտանիքներ։ Աշխատած ենք նաեւ դպրոցներու հետ, որպէսզի երբ այդ երեխաները բնականոն կեանքի վերադառնան, ընդունուին դպրոցներու մէջ իրենց հասակակիցներու համահաւասար։ Այս աշխատանքը ընտանիքներու զարգացման ծրագիր է եւ այս իմաստով կը գործակցինք պետութեան հետ եւ օժանդակ ենք անոր։ Մենք երեխայակեդրոն կազմակերպութիւն ենք եւ ամէն ինչ կ՛ընենք երեխաներու զարգացման եւ իրավիճակի բարելաւման համար։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք World Vision-ը իբրեւ կազմակերպութիւն։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Մենք էութեամբ քրիստոնէական կազմակերպութիւն ենք, քրիստոնէական սկզբունքներով եւ արժէքներով առաջնորդուող եւ գործող կազմակերպութիւն ենք։ Հայաստանի մէջ սերտօրէն կը համագործակցինք Էջմիածինի կաթողիկոսութեան հետ եւ անիկա ներկայացուցիչ ունի մեր հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ։ Մենք քրիստոնէութիւն չենք քարոզեր, բայց կ՛աշխատինք, որ երեխաները եւ իրենց ընտանիքները ապրին եւ զարգանան քրիստոնէական արժէքներով։ Սա մեր կազմակերպութեան սկզբունքներէն մէկն է։ Եկեղեցւոյն ալ կ՛օժանդակենք, որ այդ արժէքները տարածէ կիրակնօրեայ դպրոցներու միջոցով եւ յատուկ թերթիկներ պատրաստած ենք այս նպատակին համար։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Թերաճ կամ մտային յետամնաց, ինչպէս նաեւ հաշմանդամ երեխաներու համար ծրագիրներ կ՛իրականացնէ՞ք։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Հովանաւորչութեան ծրագիրին մէջ եղած են նաեւ նման երեխաներ։ Միաժամանակ UNICEF-ի հետ աշխատած ենք նորոգելու վերականգնողական կեդրոնները, որպէսզի երեխաները այնտեղ երթան եւ համապատասխան վերականգնողական ծառայութիւններ ստանան։ Կրթութեան նախարարութեան հետ աշխատած ենք ներառական կրթութեան եւ յատուկ կրթութեան ծրագիրներ մշակած ենք թերաճ կամ հաշմանդամ երեխաներու համար։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Յառաջիկայի համար ի՞նչ ծրագիրներ ունիք։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Ներկայիս մենք անցում կը կատարենք մարդասիրական ծրագիրներէ զարգացման ծրագիրներու։ Առաջին շրջանին երբ պետութիւնը նոր կազմաւորուած էր, երկրաշարժ, պատերազմ, գաղթականներ անգործութիւն եւայլն, մեր հիմնական աշխատանքը եղած է մարդոց անմիջական կարիքները հոգալ։ Իսկ հիմա որ պետութիւնը արդէն սկսած է կայանալ, մենք սկսած ենք զարգացման ծրագիրներու վրայ աշխատիլ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Բացի World Vision-էն, այլ կազմակերպութիւններ ձեզի կ՛օժանդակե՞ն նիւթապէս։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Համատեղ ծրագիրներ կ՛իրականացնենք UNICEF-ի, USAID-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ եւ անոնք որոշ չափով կը մասնակցին ծախսերուն։ Նոյնը կարելի է ըսել պետութեան մասին։ Կառավարութեան պարագային, հիմնականին մէջ կը գործակցինք ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ։ Մասնաւորաբար հեռաւոր շրջաններու մէջ՝ Սիսիանի, Գորիսի, Ամասիայի եւայլն, ուր կառավարութեան հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, մենք երեխաներու կեդրոններ հիմնած ենք, բնականաբար կառավարութեան նիւթական միջոցներով։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ձեր պաշտօնեաները բոլոր հայաստանցինե՞ր են։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Ներկայիս այո. անցեալին ունեցած ենք ոչ-հայաստանցի մասնագէտ պաշտօնեաներ։ Մենք արդէն տեղական կազմակերպութեան վերածուելու հանգրուանին մէջ ենք թէ՛ պաշտօնէութեամբ եւ թէ հոգաբարձուներու խորհուրդով։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պաշտօնէութիւնը ամբողջացնելու համար բաւարար անհրաժեշտ մարդուժ եւ մասնագէտներ կա՞ն Հայաստանի մէջ։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Այո կան։ Բայց նաեւ ունինք վերապատրաստման ծրագիրներ։ Մեր շրջանային մասնաճիւղը, որ կը գտնուի Կիպրոս, անհրաժեշտութեան պարագային կը տրամադրէ յատուկ մասնագէտներ որեւէ ոլորտի մը վերապատրաստման դասընթացքները վարելու եւ մասնագէտներ պատրաստելու եւ որակաւորելու համար։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ՞ք։ Ինչ ծրագիր որ ներկայացնէք հաւանութիւն կը ստանա՞յ։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Մեր ներկայացուցած բոլոր ծրագիրները չեն որ հաւանութեան կ՛արժանանան; Տարբեր դրամաշնորհ տրամադրող կազմակերպութիւններ կան բայց նաեւ «մրցակիցներ» ալ ունինք։ Իսկ մեր կեդրոնի նիւթական աջակցութեան գծով արդէն մենք ունինք մեր յստակ ծրագիրները, որոնք նախապէս վաւերացուած կ՛ըլլան։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստանի ամբողջ տարածքին կեդրոններ ունի՞ք։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Մենք Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ ծրագիրներ իրագործած ենք, հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք։ Այսօրուան դրութեամբ, մենք շուրջ տասնեակ մը քաղաքներու մէջ ունինք կեդրոններ եւ ունինք նաեւ գործընկեր կազմակերպութիւններ, օրինակ՝ Գիւմրիի եւ Վայոց Ձորի մէջ։ Մենք անցեալին ունեցած ենք 360 աշխատող իսկ այսօր՝ 150։ Իսկ թիւի այս նուազումը կապուած է ծրագիրներու ծաւալին հետ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Տեղական մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ կը գործակցի՞ք։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Միշտ ալ համագործակցած ենք եւ կը շարունակենք համագործակցիլ, երբեմն իբրեւ գործընկերներ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախի մէջ աշխատանք կը տանի՞ք։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Անցեալին աշխատած ենք իսկ ներկայիս ոչ, բնականաբար Ատրպէյճանի արգելքով։ Ատրպէյճանի մէջ World Vision-ի գրասենեակը փակել տուին քանի մը տարի առաջ։ Ներկայիս Արցախի մէջ որեւէ միջազգային կազմակերպութեան գործունէութիւն քաղաքական լուրջ հարցեր կրնայ ստեղծել։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ ձեր նման եւ ձեր ծաւալով այլ կազմակերպութիւններ կա՞ն։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ, պետութենէն յետոյ, ընկերային մարզին մէջ ամէնէն ծաւալուն աշխատանքը տանողը մենք ենք։ Վերջին 30 տարիներուն մօտաւորապէս 120,000 երեխայ օգտուած են մեր ծրագիրներէն։ Մեր նման մարդասիրական աշխատանք կատարողներ կան բայց ոչ մեր ծաւալով, օրինակ՝ AMAA-ը, որ զուտ մարդասիրական աշխատանք կը տանի երեխաներու համար։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն ի՞նչ պատգամ ունիք։
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ.- «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն կ՛ըսեմ որ թող իւրաքանչիւրը մտածէ Հայաստանի հետ իր պորտակապը ամրացնելու մասին։ Պէտք է դուրս գանք ժխտական, մերժողական եւ սեւ տրամադրութիւններէն։ Հայաստանը ասկէ աւելի գէշ օրեր ապրած է բայց չեմ գիտեր եթէ այսքան ժխտական հակահայաստան քարոզչութիւն կատարուած է։ Մենք շատ աւելի իրապաշտ եւ առարկայական ըլլանք եւ հասկնանք որ ՃԻՇԴի եւ ՍԽԱԼի տարբերակները շատ աւելի խորն են քան այնպէս ինչպէս որ կարգ մը քաղաքական ուժերու լրատուականներ կը ներկայացնեն։ Ամէն ինչ շատ աւելի բարդ է եւ այդ պատճառով մեզի կը մնայ մեր կապը ամուր պահել մեր հայրենիքին հետ։