Սպանիոյ Լա Նուսիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցան բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչ եւ Եւրոպայի ներկայ ախոյեան Էրիք Իսրայէլեան 60 քլկ. դասակարգի մրցումներուն հասաւ աւարտականին, պարտութեան մատնեց Վրաստանը ներկայացնող իր մրցակիցը եւ շահեցաւ ախոյանութեան տիտղոսը։