Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 14 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 8ին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Ժամը 10ի դրութեամբ, իրադրութիւնը սահմանագիծին մէջ յարաբերականօրէն կայուն է: