12 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6ի շուրջ, Խրամորթ գիւղի վարչական տարածքին մէջ, ատրպէյճանական մարտական դիրքէն հրաձգային զինատեսակներով կրակոցներ արձակուեցան դաշտին մէջ քարշակով աշխատող քաղաքացիներուն ուղղութեամբ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեցին Արցախի ներքին գործոց նախարարութենէն՝ աւելցնելով, որ Խրամորթ գիւղի բնակիչներ՝ 27ամեայ Ս. Վանեան եւ 45ամեայ Ա. Հայրապետեան նշուած գիւղի վարչական տարածքի «100 հեկտար» կոչուող տեղանքին մէջ, «Տ-150» մակնիշի քարշակով գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելու ընթացքին, մերձակայ տարածքին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքէն անոնց վրայ կրակ բացուած է: Քարշակին առջեւի բաժինը վնասուած եւ կոտրած է. կտորներէն վիրաւորուած է դէմքը Ա. Հայրապետեանին, որ տեղափոխուած է հանրապետական բժշկական կեդրոնը:
Նիւթերը տրամադրուեցան ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին: 13 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ հաստատեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակած են խաղաղ բնակիչին ուղղութեամբ: «Խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական կողմին հետ հետաքննութիւն կը կատարէ փաստին առիթով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Ադրբեջանը յայտարարում է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը իր քաղաքացիներն են, սակայն կրակում է նրանց վրայ գիւղատնտեսական աշխատանքների ժամանակ», արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«2020 թուականի Նոյեմբերի 9ից յետոյ Ադրբեջանը խաղաղ բնակիչների սպաննելու 54 փորձ է ձեռնարկել, որի հետեւանքով 3 խաղաղ բնակիչ սպաննուել է, 16ը՝ վիրաւորուել: Սա՞ է Ադրբեջանի՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած է» նարատիւի (պատումի) իրականացում», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան:
Հայրապետեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմեց, որ զինադադարի խախտումը եղած է ռուս խաղաղապահներուն ներկայութեան: Իսկ խաղաղապահները հոն գտնուած են գիւղացիներուն ապահով աշխատանքը երաշխաւորելու համար, որովհետեւ վերջին օրերուն, ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ Ատրպէյճան կրակ կը բանայ երկրագործական սարքերու ուղղութեամբ: «Խաղաղապահները կանգնել են, երաշխաւորել, մտել ենք դաշտ, որ աշնանացանը սկսենք, ասին՝ «աշխատանքն արխային արեք», նշեց Հայրապետեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ խաղապահները ի՛նչ ըրին, երբ ականատես եղան կրակոցներուն՝ ան ըսաւ. «Ոչ մի բան, իրենք ինձնից աւելի էի վախեցել»:
Հայրապետեան հիւանդանոցին մէջ համապատասխան բուժման ենթարկուելէ ետք վերադարձաւ իր գիւղը, բայց աշխատանքներ շարունակելը այլեւս անկարելի կը նկատէ: Այդպիսով, գիւղացին կը կորսնցնէ իր միակ եկամուտը։ «Եթէ աշնանացանի սերմերը չցանեն, ապա յետոյ ուշ կը լինի, դառնում է, որ մենք կորցնում ենք եւս մէկ տարի բերքահաւաքի հետ կապուած: Հիմնական մտահոգութիւնը հէնց այդ է», ըսաւ Հայրապետեան: