7 Նոյեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը՝ հիւրընկալութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի, որ, հանդիպումը նկարագրելով՝ ըսաւ, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խիզախ քայլերու կը դիմեն՝ խաղաղութեան հասնելու համար։ Ըստ անոր՝ հանդիպման նպատակն էր՝ զարգացնել այն դրական արդիւնքները, որոնք արձանագրուած են նախորդ մէկուկէս ամսուան ընթացքին` ամերիկեան կողմին նախաձեռնած քննարկումներուն:
«Արցախի շուրջ հակամարտութեան առաւել քան երեսուն տարիները մարդկային ու նիւթական ահաւոր կորուստներու պատճառ դարձան, մարդկային կեանքեր խլեցին՝ թողելով սպիներ, որոնք խոր են: Բայց այժմ մենք երկու երկիրներուն կողմէ կը տեսնենք իրական եւ համարձակ քայլեր`անցեալը ետեւ ձգելու եւ դէպի կայուն խաղաղութիւն ընթանալու ուղղութեամբ», ըսաւ Պլինքըն:
Ան մանրամասնութիւններ չտուաւ այն մասին, թէ որո՛նք են այդ քայլերը եւ խաղաղութեան հասնելու հնարաւոր տարբերակները: Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն բարեկամական յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ եւ պատրաստ է իր կարելիութեան ծիրին մէջ նպաստելու տասնամեակներ երկարող հակամարտութեան կարգաւորման: «Ամերիկա՝ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարեկամ, յանձնառու է իր կարողութեան սահմաններուն մէջմ ամէն ինչ ընելու, աջակցելու տեւական խաղաղութեան հասնելու ձեր ջանքերուն, աջակցելու մեր կարողութեան համաձայն: Ասիկա, կը կարծեմ, աւելի լաւ եւ պայծառ ապագայի հեռանկար է: Եւ ես կը դրուատեմ ձեզ եւ ձեր կառավարութիւնները` խիզախութեան ու այն յանձնառութեան համար, զորս կը ցուցաբերէք այդ ճամբուն վրայ»:
Եռակողմ այս հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցաւ հայկական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւններուն առանձնազրոյցը։ Ըստ «Ազատութեան»՝ տարածուած լուսանկարներէն դատելով, այդ հանդիպման ամերիկացի պաշտօնեաներ չեն մասնակցած:

«Ուղիղ երկխօսութիւնը իրական, տեւական խաղաղութեան տանելու լաւագոյն ձեւն է, եւ մենք ուրախ ենք աջակցելու անոր: Միացեալ Նահանգները բոլորովին կը սատարէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային անկախութեան», յայտնեց Պլինքըն, որուն կարճ խօսքէն ետք հանդիպումը շարունակուեցաւ դռնփակ։ Ամերիկեան կողմէ բանակցութիւններուն մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարարին Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ ու ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր:
Ըստ հանդիպումներէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան` Միրզոյեան եւ Պայրամով Ուաշինկթընի մէջ միտքեր փոխանակեցին հաւանական խաղաղութեան պայմանագիրի տարրերուն վերաբերեալ եւ արձանագրեցին, որ կան շարք մը հարցեր, որոնք տակաւին հասցէագրման կարիք ունին: Նախարարները «պայմանաւորուել են թափ հաղորդել իրենց բանակցութիւններին ու եւս մէկ հանդիպում անցկացնել առաջիկայ շաբաթների ընթացքում»:
«Երկու կողմերը վերահաստատել են Հոկտեմբերի 6ին Պրահայում եւ Հոկտեմբերի 31ին Սոչիում տեղի ունեցած հանդիպումներում Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ղեկավարների ստանձնած յանձնառութիւնները», կը տեղեկացնէ նախարարութիւնը:
Իսկ ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութեան հաղորդագրութեան՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը կ՛ընդգծէ երկու երկիրներուն լուրջ ձգտումը՝ հետեւողական երկխօսութեան միջոցով խաղաղութեան հասնելու: Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ կը մնայ խաղաղ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին աջակցելու:
Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը որակեց յուսադրող: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ան այս մասին գրառում կատարած է «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ։ Քլաար կ՛ընդգծէ, որ նախորդ օրը Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր հանդիպում ունեցան։ «Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի մասնակցութիւնը երկկողմ խաղաղութեան պայմանագիրի առարկայական բանակցային գործընթացին՝ յուսադրող է», գրած է Քլաար: