8 Նոյեմբերին տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութիւններուն արդիւնքները տակաւին չեն վերջնականացած, եւ ըստ նախնական տուեալներուն՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի արձանագրէ ակնկալուածէն աւելի համեստ արդիւնքներ եւ պիտի չկարենայ իրականացնել ընտրական յաղթանակներու իր նախատեսած «Կարմիր ալիք»ը (կարմիրը կուսակցութեան գոյնն է)։
Ըստ վեջնականացած նկատուող արդիւնքերուն՝ Ներկայացուցիչներու տան մէջ, ուր 218 աթոռներ պէտք են մեծամասնութեան հասնելու համար, հանրապետականները ապահոված են 209 կամ 211 աթոռներ (ըստ տարբեր աղբիւրներու), իսկ նախապէս մեծամասնութիւն ունեցող դեմոկրատները՝ 192 կամ 193 աթոռներ։ Մնացեալ ընտրատարածքներուն արդիւնքները անորոշ կը մնան։
Ծերակոյտի պարագային, դեմոկրատները ապահոված են 48 աթոռներ, իսկ հանրապետականները՝ 49 աթոռներ եւ արդէն իսկ յստակ է, որ Ճորճիա նահանգին մէջ կրկնակի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան 6 Դեկտեմբերին, որովհետեւ ոչ մէկ թեկնածու անցած է այդ նահանգին կողմէ սահմանուած 50 տոկոսի սահմանը, սակայն դեմոկրատ Ուորնաք աւելի քան 1 տոկոս համեմատութեամբ առաւելութիւն մը ունի։ Ընտրութիւններու արդիւնքները անորոշ կը մնան նաեւ Արիզոնայի եւ Նեւատայի մէջ, որոնցմէ առաջինին պարագային, դեմոկարտ թեկնածուն գրեթէ 5 տոկոսի առաւելութիւն մը ունի, իսկ երկրորդին պարագային, հանրապետական թեկնածուն ապահոված է գրեթէ 2 տոկոսի առաւելութիւն մը։
Նաեւ, 36 նահանգապետարաններու համար ընտրապայքարներէն ետք, ցարդ յստակ է, թէ 24 հանրապետական եւ 22 դեմոկրատ կառավարիչներ պիտի ղեկավարեն նահանգները, իսկ մնացեալ 4ին պարագային արդիւնքներ չեն վերջնականացած։