ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Երկրորդ անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու մէջ իրականացուելիք «Հայ-Ամերիկեան գործարարական կամուրջ» ցուցահանդէս-փառատօնին ընթացքին, Հայաստանի գործարարները առիթը պիտի ունենան Քալիֆորնիոյ մէջ ներկայացնելու իրենց արտադրութիւնները:
Միջոցառումը պիտի իրականացուի 1-8 Դեկտեմբեր, Կլենտէյլի մէջ:
«Միջազգային գործարար կապերի աջակցման խորհուրդ»ի նախագահ Մարիամ Մանուկեան նշեց, որ այս անգամ առաւել մեծ թիւով ապրանքատեսակներով եւ աւելի մեծ թիւով մասնակցողներով պիտի գործադրուի միջոցառումը:
«Այս անգամուայ միջոցառմանը մասնակցելու համար Հայաստանի ընկերութիւններից 500ից աւելի յայտ էինք ստացել: Դիմել էին ե՛ւ խոշոր, ե՛ւ միջին, ե՛ւ փոքր ընկերութիւններ: Ընտրուել է 40 ընկերութիւն: Ասեմ, որ շատ բարդ է եղել ընտրութիւն կատարելը: Հաշուի են առնուել մի շարք չափանիշներ, մասնաւորապէս, ընկերութիւնները պարտադիր պէտք է առնուազն 3 տարի գործունէութիւն ծաւալած լինէին, ընկերութեան շրջանառութիւնը պէտք է սկսուէր 20 միլոնից», ըսաւ Մանուկեան:
Որոշ փոքրածաւալ կազմակերպութիւններ եւս առիթը պիտի ունենան մասնակցելու քանի մը նմոյշներով՝ մէկ տաղաւարի մէջ։
Ընտրուած կազմակերպութիւնները կը ներկայացնեն զանազան ապրանքներ` կերպասեղէն, կօշիկ, պայուսակ, պահածոներ, չիրեր, արծաթ, ոսկի, զբօսաշրջութիւն, տեղեկատուական արհեստագիտութիւն եւ այլն:
«Ամերիկեան շուկայում կան որոշ բնորոշիչներ, որոնց պէտք է պատասխանեն կազմակերպութիւնները, որ կարողանան դուրս գալ միջազգային շուկայ: Ցաւօք, նոյնիսկ խոշոր կազմակերպութիւնները, հայկական արտադրողները յաճախ պատրաստ չեն լինում այդ չափանիշներին: Մեր աշխատանքային խումբը բոլոր ջանքերը գործադրել է, որ վաւերացումները ապահովուին, որպէսզի մեր կազմակերպութիւնները կարողանան անխոչընդոտ վաճառք իրականացնել», ըսաւ «Միջազգային գործարար կապերի աջակցման խորհուրդ»ի անդամ Գէորգ Աղաբալեան:
Ցուցահանդէս-փառատօնին մասնակցող հայկական ընկերութիւնները նաեւ պիտի կարենան գործարար կապեր հաստատել եւ հանդիպումներ նախատեսուած են Մեքսիքայի, Թայլենտի, Վիէթնամի եւ այլ առեւտրական-արդիւնաբերական պալատներու ներկայացուցիչներու հետ:
Ընկերութիւններէն նախորդ միջոցառման մասնակցած առաւել քան 10ն արդէն կրցած է Ամերիկայի մէջ գործընկերներ գտնել եւ ապրանք արտածել: