Շուէտի նոր կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ այսուհետեւ պիտի չպաշտպանէ Սուրիոյ մէջ գործող քրտական խմբաւորումները, կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը։
Անգարա կը պնդէ, թէ այդ խմբաւորումները «ահաբեկչական» են եւ Շուէտի ՆԱԹՕի անդամակցութեան դիմումը կը կապէ քրտական խմբաւորումներուն դէմ Շուէտէն յստակ քայլերուն:
Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ կազմակերպութիւնը կը նկատուի ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը եւ հիմնական դերակատարութիւն ունի «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ։