ՓԱՐԻԶ․- Ատրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան գործընկերութիւնը խայտառակութիւն է. ուժանիւթային ճգնաժամը չի կրնար արդարացում ըլլալ, յատկապէս երբ կը գտնուինք իրական պատերազմական յանցագործութիւններու դիմաց, յայտարարեց ֆրանսացի ծերակուտական Վալերի Պուայէ, «Փիւպլիք Սենա» պատկերասփիւռի կայանէն: Լուրը հաղորդեց «1Լուրեր»ը։
«Ֆրանսա կրնար աւելին ընել Հայաստանի համար, յատկապէս երբ մենք կը նախագահէինք Եւրոպական Միութիւնը: Դիտորդներ ուղարկելը նուազագոյնն է: Հայաստանի թշնամիները բացայայտօրէն կ՛ըսեն, որ կ՛ուզեն ոչնչացնել հայերը: Եւ հակառակ անոր` մենք կը շարունակենք ընդունիլ այդ ղեկավարները, եւ Եւրոպան Ատրպէյճանէն կազ կը գնէ եւ կը յայտարարէ, թէ Ալիեւ յուսալի գործընկեր է», ըսաւ Պուայէ:
Ըստ անոր՝ Եւրոպա արդարօրէն զօրակոչի ենթարկուած է Ուքրանիոյ համար, սակայն կը լռէ Հայաստանի գծով: «Հայերու կեանքը նուա՞զ կ՛արժէ, քան ուքրանացիներու կեանքը: Կայ Ատրպէյճանի զեղծարար եւ ցեղապաշտական պետութիւնը, որ կը յարձակի Հայաստանի սահմաններուն վրայ` ձգտելով ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանութեան շարունակման», աւելցուց Պուայէ: