Իրանի Շիրազ քաղաքի Շահ Չըրաղ դամբարանին մէջ ահաբեկչական գործողութեան կազմակերպիչը Ատրպէյճանի քաղաքացի է: «Արմէնփրէս»ը, յղում կատարելով իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան՝ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի հետախուզութեան նախարարութիւնը:
«Երկրին մէջ ահաբեկչական բջիջի գլխաւոր կազմակերպիչը եւ համակարգողը Ատրպէյճանի քաղաքացի է, որ, ժամանելով Թեհրան, անմիջապէս կապ հաստատած է Աֆղանիստանի մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ: Մզկիթին մէջ ահաբեկչական գործողութիւնը կազմակերպած խումբի կազմին մէջ էին նաեւ Աֆղանիստանի եւ Տաճիկիստանի քաղաքացիներ», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
15 զոհեր եւ 27 վիրաւորներ պատճառած յարձակումին կազմակերպման մեղսակցութեան կասկածանքով ձերբակալուած են 26 անձեր, որոնք բոլորն ալ Ատրպէյճանի, Տաճիկիստանի եւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներ են: