ՄԱՐԻԷԹ Մ. ՕՀԱՆԷՍ
Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ աննախընթաց «Կեսարիոյ Ընտանեկան գիշեր»ը, միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ: Ներկայ էին հիւրեր, միութեան անդամներ եւ համակիրներ:
Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերը, Կեսարիոյ յատուկ ճաշեր, աղցաններ, «Սու պէօրէկ», երշիկ, ապուխտ, միջուկով «քէօֆթէ» եւ «պաքլաւա»:
109 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ նաեւ կատակաբան Յարութ Սողոմոնեանի զուարճալիքներով: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ:


Տօնուեցան երկու ծննդեան տարեդարձներ՝ Լուսին Էրկիւնի եւ պատմաբան Թաներ Աքչամի:
Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց հասոյթը ամբողջութեամբ առաքուեցաւ Հայաստանի զինուորներուն:
Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն: Նաեւ շնորհակալութեան մեծ բաժին մը գլխաւոր ճաշը հովանաւորող եւ պատրաստող՝ միութեան գործադիր յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Մուրատ եւ իր տիկնոջ՝ Անէթ Քէօշքէրի (միութեան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամուհի) եւ իրենց ընտանիքներուն:
Ներկաները ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր. ջինջ գիշերը իր աւարտին հասաւ ուշ ժամերուն:
Նշենք, որ Կեսարիա (նախկին անուանումը Փոքր Հայքի՝ Մաժաք) նախապէս կը պատկանէր Բիւզանդական կայսրութեան։ Կեսարիոյ շրջակայքը գտնուող վայրերը հնագոյն բնակութեան վայր է:
Արտածման ապրանքներն էին` ապուխտ, բամպակ, բուրդէ մանուածք, գորգ, կարպետ, կաշի, մորթի, պղինձ եւ այլ մետաղներ, չոր պտուղներ, իսկ ծիրանի կորիզը կը վաճառուէր Պոլսոյ քաղցրավաճառներուն։ 1890ականներուն Կեսարիայէն արտածումը կը գնահատուէր 650,000 թրքական լիրայով կամ 15 միլիոն ոսկեայ ֆրանքով։
Կը ներածէին բամպակ, պղինձ եւ այլ մետաղներ, ոտնաման (չուխա), ծխախոտ, բրինձ, շաքար, սուրճ, նաւթ, անգլիական, ֆրանսական եւ ամերիկեան ապրանքներ, որոնք մուտք կը գործէին Մերսինի նաւահանգիստէն, մասամբ ալ` Սամսոնէն։ Տարեկան միջին ներածումը կը կազմէր մօտաւորապէս 400,000 թրքական լիրա կամ շուրջ 9 միլիոն ոսկեայ ֆրանք։
Ինչպէս պարզ կ՛երեւի՝ արտածումը կը գերազանցէր ներածման 250,000 թրքական լիրայով։ Եթէ այս տարբերութիւնը կարելի է համարել դրամագլուխի կուտակում, այդ կուտակումը առաւելագոյնս կը կատարուէր հայերու մօտ, որովհետեւ առեւտրական շարժման գլխաւոր դերակատարները գրեթէ միայն հայերն էին։
Առաջին հանրածանօթ վաճառականները եղած են Պաշազիրկեան, Զարդարեան, Կիւմիւշեան, Մանիկեան եւ Ֆրենքեան երեւելի ընտանիքներու անդամները։ Անոնց յաջորդած են Կիւլպէնկեանները, Մանուկեանները, Սէլեանները եւ ուրիշներ։

Կեսարիոյ շուկան ամբողջութեամբ տանիքապատ էր՝ բազմաթիւ սրահներու բաժնուած։
Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ` 1914ին, Կեսարիա այցելած Վահան Թէքէեան կը գրէր. «Շուկան Կեսարիոյ փառքն է, որմէ մասնաբաժին ունի իւրաքանչիւր քաղաքացի, եւ առաւելապէս հայ քաղաքացիները, որոնք իրաւամբ զայն իրենց սեփականութիւնը կը համարեն. այնքան տիրող է այստեղ հայերու դիրքը` թուաքանակով եւ կարեւորութեամբ»։
Կեսարիան ունէր նաեւ նշանաւոր խաներ։ Ասոնցմէ գլխաւորներն են՝ Կէօն խանը եւ Վեզիր խանը։ Հայ վաճառականները իրենց ապրանքները կը վաճառէին Վեզիր խանին մէջ։ Կը յիշատակուին նաեւ Կըլլամազ, Բամպուք, Գաթըրճըը եւ Գանձանակ խաները։ Այս վերջինը կարճ ժամանակի մէջ դարձած էր առեւտրական կարեւոր կեդրոնավայր մը։
«Շուկայէն դուրս կան մեծ վաճառատուներ։ Ասոնցմէ ամէնէն կարեւորը Գանձանակ խանն է. այսպէս կոչուած է, որովհետեւ հայոց «Գանձանակի ընկերութեան» դրամով կառուցուած է եւ անոր հասութաբեր մեծ կալուածքն է։ Այս շրջափակին մէջ է նաեւ Օսմանեան դրամատան հայոց մասնաճիւղը, որ հարկատու առանձին սիրուն շէնք է։ Գանձանակ խանը Կեսարիոյ ամէնէն պատկառելի հաստատութիւնն է, որուն անունը հայերը հպարտութեամբ կ՛արտասանեն», գրած է Թէքէեան։
1879ին, Կեսարիոյ մէջ կը հիմնուի «Աղքատաց հոգաբարձութիւն» կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր՝ հոգալ քաղաքի աղքատներուն, իսկ գործազուրկներուն աշխատանք տրամադրել։ 1886էն կազմակերպութիւնը կը ստանայ «Հոգաբարձութիւն աղքատաց գանձանակի հայոց Կեսարիոյ» անունը։ Շաբաթը մէկ անգամ հոգաբարձութիւնը շուկային մէջ կը պտըտցնէր գանձանակ, եւ ամէն մարդ իր կամաւոր ներդրումը կը կատարէր։ Եկեղեցիները իրենց հասոյթներէն մաս կը հանէին գանձանակին. վճարումներ կը կատարուէր նաեւ կալուածներու տարեկան վարձքէն։
«Գանձանակը» Կեսարիոյ տարազգի բնակչութեան շրջանին կը մարմնաւորէր գթասրտութեան այնպիսի գեղեցիկ դրսեւորում մը, որ նաեւ թուրքերը սիրով կը տրամադրէին իրենց մշակած կաշիները, արտայայտելով իրենց համակրանքը կազմակերպութեան հանդէպ։
