Իրան յայտարարեց մեծ քանակով ամերիկեան արտադրութեան զէնքերու գրաւման մասին: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»ը:
Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգի սահմանապահ ծառայութեան հրամանատար զօր. Մոհամետ Ահմատին յայտնեց զէնքերը գրաւելու եւ զինավաճառը ձերբակալելու մասին:
Ըստ անոր, վերոնշեալ զինամթերքը կարելի է օգտագործել երկրին մէջ խափանարարական գործողութիւններ կատարելու համար: Ահմատին յայտնեց նաեւ, որ զէնք վաճառողը կը տեղափոխէ մեծ քանակով հում նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են հրազէնի արտադրութեան համար: Զինավաճառը ձերբակալուեցաւ Ջուղայի սահմանամերձ շրջանի մը մէջ: