3 Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի եւ երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի երրրորդ նիստը՝ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին, որ նիստի մեկնարկէն առաջ Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Սթեֆանօ Սանինօ ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները, յաջողութիւն մաղթեց յանձնաժողովներու աշխատանքներուն եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ հետագային եւս օժանդակութիւն ցուցաբերելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Գրիգորեան եւ Մուսթաֆաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Եւրոպական Միութեան խորհուրդին՝ հանդիպման լաւ կազմակերպման համար:
Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով տարբեր ձեւաչափերով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ կողմերը շարունակեցին սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցերու:
«Յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան իրաւական շրջանակների ձեւաւորման նպատակով՝ կողմերը պայմանաւորուել են արագացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան կարգի համաձայնեցման աշխատանքները», յայտնեցին նախարարութենէն՝ աւելցնելով, որ կողմերը պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով որոշել յանձնաժողովներու չորրորդ նիստի գումարման թուականը եւ վայրը: