Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստին՝ 2023ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ան դիտել տուաւ, որ բոլոր այն ուղղութիւններուն մէջ, որոնց շուրջ Հայաստան կը բանակցի Ատրպէյճանի հետ, կը հանդիպինք Ատրպէյճանի առաւելապաշտական դիրքորոշման:
«Երկու արձանագրում կարող եմ անել՝ մէկը՝ լաւ, միւսը՝ վատ: Վատն այն է, որ բոլոր ուղղութիւններում, որոնց շուրջ մենք բանակցում ենք Ադրբեջանի հետ, հանդիպում ենք Ադրբեջանի առաւելապաշտական դիրքորոշումներին: Իմ տպաւորութիւնն այն է, որ Ադրբեջանը, համարելով, որ ռազմական յաջողութիւններ է ունեցել, այժմ կարող է ինչ-որ պայմաններ թելադրել Հայաստանին: Դա, ի հարկէ, չի կարող իրականութիւն լինել: Եւ երկարատեւ, համապարփակ եւ կայուն խաղաղութեան հնարաւոր չէ հասնել այս ճանապարհով», յայտնեց Միրզոյեան:
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ժամանակի ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ այս մէկը աւելի յստակ կը հասկնան: «Եւ, եթէ Ադրբեջանը ցանկանում է, շահագրգիռ է ունենալ կայուն խաղաղութիւն Հարաւային Կովկասում, ապա պէտք է որոշ հարցերում ինքը եւս արձանագրի, որ միակողմանի շահաւէտ լուծումներ չեն կարող լինել», ըսա Միրզոյեան՝ դիտել տալով, որ նման բան չի յաջողիր:
Անդրադառնալով լաւ անդրադարձին՝ ան նշեց, որ կայ միջազգային հանրութեան յստակ ուշադրութիւն՝ յարաբերութիւններուն մէջ հարցերուն վերաբերեալ: «Երբ նաեւ ժամանակային վերլուծութիւն ենք կատարում, տեսնում ենք, որ այդ ուշադրութիւնն առայժմ գնալով աւելի ու աւելի է մեծանում: Յատկապէս Սեպտեմբերի 13-14ի ադրբեջանական ագրեսիայից (յարձակումէն) յետոյ միջազգային հանրութիւնը շատ յստակ ուղերձ յղեց Ադրբեջանին այն մասին, որ ուժի կիրառումը, ուժի կիրառման սպառնալիքը չի կարող լինել հարցերի լուծման ճանապարհ», յայտնեց նախարարը:
Միրզոյեան կը յուսայ, որ այս ուղերձը շատ լաւ կը հասկնայ ատրպէյճանական կողմը եւ կը գիտնայ, թէ կան կանոններ, գիծեր, որոնք պէտք չէ հատուին: Ըստ անոր՝ ասիկա է միջազգային հանրութեան ուղերձը:
Ըստ անոր՝ տարածաշրջանային տնտեսական, փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցը բանակցային հիմնական ուղղութիւններէն մէկն է եւ համապարփակ կարգաւորման շատ կարեւոր մաս: «Պէտք է արձանագրեմ, որ վերջին հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները խօսում են այն մասին, որ որեւէ մէկը կասկածի տակ չի դնում այն, որ ապաշրջափակուող ու ենթադրաբար նոր կառուցուելիք հնարաւոր ճանապարհները կամ տրանսպորտային (փոխադրութեան) ենթակառուցուածքները ամբողջապէս գտնուելու են այն երկրների սուվերենութեան (գերիշխանութեան) ներքոյ ու տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում, որոնց տարածքով որ անցնում է», նշեց Միրզոյեան:
Ան դիտել տուաւ, որ մանրամասնութիւնները տակաւին քննարկելի են, սակայն յստակ է, որ հայկական կողմը կառուցողականութեամբ կը մօտենայ, մինչ ատրպէյճանական կողմը եւ հնարաւոր շահագրգիռ այլ կողմեր՝ ոչ-կառուցողական:
Խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին՝ Միրզոյեան ըսաւ, որ յառաջընթաց կայ, երկխօսութիւնը կը շարունակուի: «Հանրայայտ է, որ գործընթացն առանց նախապայմանների է եւ, միեւնոյն ժամանակ, թուրքական կողմն անընդհատ Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման հետ է կապում, որը, ինչ-որ առումով ինքնին մի քիչ նախապայման է յիշեցնում: Այնուամենայնիւ, այս յայտարարութիւններին զուգահեռ շատ կոնկրետ (յստակ) քննարկումներ են ընթանում, առաջին հերթին՝ յատուկ ներկայացուցիչների մակարդակում, բայց նաեւ այդ մակարդակից դուրս՝ մասնագիտական որոշակի ներգրաւուածութեամբ», յայտնեց Միրզոյեան՝ աւելցնելով, որ խօսակցութիւնը քանի մը յստակ քայլերու մասին է, որոնց կարգին՝ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցող անձերուն համար սահմանի բացման, ինչպէս նաեւ՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացներուն համար սահմանի բացման վերաբերեալ:
«Կարող եմ ասել, որ առաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը շարունակւում է: Եւ կարող եմ ասել նաեւ, որ ակնկալում եմ ու յոյս ունեմ, որ դրական արդիւնքներ կը լինեն մօտ ապագայում», եզրափակեց Միրզոյեան: