
ՀԱՅԵՐ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ՊՈԼԻՍԷՆ
Արտասահմանեան հայ թերթեր կը հաղորդեն, որ շատ մը առեւտրականներ եւ հասարակական գործիչներ կը հեռանան Կ. Պոլիսէն եւ կ՛ապաստանին ուրիշ երկիրներ։
Կ. Պոլիսէն հեռացած են արդէն Քաջազնունի, Արտ. Աբէղեան, Երուանդ Օտեան, Շահան եւ Օննիկ Պէրպէրեաններ, տոքթ. Սալբի, Եդ. Գոլանճեան, եւն.։
Հայաստան մեկնած են դերասաններ Ջանան, Չափրաստ եւ բանաստեղծ Կ. Զարեան։
ԴԻՄՈՒՄ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ՀԻՒԶԻ
Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Մ. Նահանգաց պետական քարտուղար Հիւզի ներկայացուցած է խնդրագիր մը, որ կը կրէ բազմաթիւ համալսարանի նախագահներու եւ ուսուցիչներու, թերթերու խմբագիրներու, եկեղեցականներու եւ ուրիշ ականաւոր անձնաւորութեանց ստորագրութիւնը։
Խնդրարկուները կը յիշեցնեն քարտուղար Հիւզի, թէ այս երկրին զաւակները ընդհանուր պատերազմին մէջ կռուեցան մասնաւորաբար փոքր ազգերու ազատագրութեան համար եւ թէ Դաշնակիցները հանդիսաւոր կերպով յանձնառու եղան հաստատել անկախ եւ կենսունակ Հայաստան մը եւ կը խնդրեն, որ Ամերիկա իր բովանդակ ազդեցութիւնն ի գործ դնէ այդ նպատակաւ։ Միեւնոյն ժամանակ, յիշելով «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէկ խմբագրականը, որ կը թելադրէ ծանուցագրով մը Ռուսիոյ ազդարարել, որ եթէ օգնէ թուրքին, Ամերիկա իր ամբողջ օգնութիւնը ետ պիտի քաշէ Ռուսիայէն, կը թելադրեն նման ծանուցագիրներ ղրկել Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ։ Կը պահանջեն նաեւ բողոք-ծանուցագիր մը ղրկել Թուրքիոյ, բողոքելով ջարդերու եւ հարստահարութեանց դէմ։
Հոկտեմբեր 31, 1922, թիւ 901