Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամները 28 Հոկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծեցին, որ Հայաստան եկած են դժուար այս ժամանակաշրջանին հայերու կողքին ըլլալու համար։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին, որ անոնք տեղեկացուցին, որ, «Վերածնունդ» խումբին նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ կը նախատեսուի ընդունիլ բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ որոշ պատժամիջոցներ պիտի ճշդուին Ատրպէյճանի նկատմամբ, պիտի դատապարտուի Ատրպէյճանի յարձակումը, գրաւեալ տարածքները վերադարձնելու եւ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ վերադառնալու պահանջ պիտի ներկայացուի:
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները կարեւոր նկատեցին վերոնշեալ բանաձեւին ընդունումը: Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ղեկավար Վլադիմիր Վարդանեան գնահատեց Ֆրանսայի հետ աշխոյժ կերպով զարգացող յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար՝ օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ:
Նշուեցաւ, որ յառաջիկային Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ պիտի կազմուի Հայաստանի հետ բարեկամական խումբը:
Քննարկուեցան տնտեսական ոլորտին մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացման, միացեալ ծրագիրներու եւ երկարաժամկէտ կայուն ներդրումներու իրականացման վերաբերող հարցեր: