«Առագաստ» սրճարանի արտաքնոցին մէջ սպաննուած Պօղոս Պօղոսեանի վերաբացուած գործին զուգահեռ սկսած է նոր քննութիւն մը, որոն միջոցաւ դատախազութիւնը հաստատեց, թէ 21 տարի առաջ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի թիկնապահներուն կողմէ ծեծուած եւ մահացած Պօղոսեանի մահուան փորձաքննութիւնը կեղծուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Ըստ իրաւապահներուն՝ եթէ 2001ին մասնագէտները եզրակացուցին, որ Պօղոսեան մահացած է իյնալուն պատճառով, երկու տարի առաջ, երբ մահուան գործը վերաբացուեցաւ, փորձաքննութիւնը տրամագծօրէն հակառակ պատկերը արձանագրեց՝ ջաւախքցի տղամարդը մահացած է ծեծի իբրեւ արդիւնք:
Վերաբացուած գործով վկան` Պօղոս Պօղոսեանի ընկերը, աւելի կանուխ «Ազատութեան» պատմած էր Պօղոսեանի կեանքի վերջին դրուագին մասին: «Երբ որ տեսայ Իւրային էլ հարուածեցին ընկաւ սեղանի վրայ, ես տեղիցս վեր կացայ արդէն` վազելով դէպի էդ կռիւը, հասայ այն պահին, երբ աղմուկ էր, սեղանները ջարդուփշուր, այն պահին, որ ծնկի բերելով, ծեծելով մի 7-8 հոգով մտցնում է զուգարան Պօղոսին»:
Նոր քրէական վարոյթը վերահսկող աւագ դատախազ Ծովակ Մնացականեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ կեղծիքը կատարած են երկու փորձագէտներ: Անոնց տուեալները չեն հրապարակուիր։
«Նշանակուել է յանձնաժողովային դատաբժշկական փորձաքննութիւն, արդէն այդ փորձաքննութեան եզրակացութեամբ` պատճառուած վնասի առաջացման մեխանիզմի (գործիքակազմի) հետ կապուած փորձագէտները տուել են ամբողջութեամբ դրան չհամապատասխանող եզրակացութիւն եւ նշել են, որ այդ գանգուղեղային վնասուածքն այդ պայմաններում, այսինքն, մարմնի` ցանկացած արագութեան դէպքում բարձրութիւնից վայր ընկնելու ներգործութեամբ հնարաւոր չէր, եւ նշել են, որ այդ վնասուածքի առաջացումը հետեւանք է բութ, կոշտ առարկաների ուղղակի ներգործութեան», դիտել տուաւ Մնացականեան:
Տարիներ առաջ, անզգոյշ սպանութեան համար մեղաւոր նկատուեցաւ նախկին նախագահի թիկնազօրի անդամներէն «Կուկու» անուանուած Աղամալ Յարութիւնեան եւ դատապարտուեցաւ երկու տարուան պայմանական բանտարկութեան` մէկ օր իսկ անազատութեան մէջ չգտնուելով։
43ամեայ Պօղոսեանի մահուան գործը վերաբացուեցաւ 2019ին` դէպքի ականատես բրիտանացի Սթիւըն Ճան Նիութընի պահանջով։
Այս գործով միակ մեղադրեալը դարձեալ Աղամալ Յարութիւնեանն է՝ նոյն` անզգոյշ սպանութեան յօդուածով: Դատավարութեան ընթացքին պէտք է ապացուցուի, թէ արդեօք տարիներ առաջ Քոչարեանի թիկնապահը աւելի ծանր յանցանք կատարա՞ծ է, թէ` իսկապէս անզգոյշ սպանութիւն էր տեղի ունեցածը:
Ըստ դատախազութեան` նոր քննութիւնը հիմնուած է նաեւ դիակի նոր` հինը հերքող փորձաքննութեան եզրակացութեան վրայ:
Մինչ նոր քննութեան ծիրին մէջ կը հարցաքննուին փորձագէտները, Աղամալ Յարութիւնեանի փաստաբանը կը պնդէ, որ գործը փակման ենթակայ է, այդ պատճառով ալ դիմած է, որ վաղեմութեան ժամկէտը անցնելու հիմքով քրէական հետապնդումը դադրեցուի:
«Վերագրուող յանցանք կը լինի, կասկածելի յանցանք կը լինի, ինչ ուզում են իրենք անունը կոչեն, այս քրէական գործով բոլոր տեսակի վաղեմութեան ժամկէտները անցել են», նշեց փաստաբանը:
Ինքը` Աղամալ Յարութիւնեան, մէկուկէս տարի առաջ առաջին դատական նիստին օրը չէր պատասխանած «Ազատութեան» հարցումին` իրեն ուղղուած մեղադրանքը կ՛ընդունի՞, թէ` ոչ։
Փաստաբանը նաեւ դիտել կու տայ, որ գործը վերաբացուած է ոչ թէ նոր փորձաքննութեան, այլ վկայ Սթիւըն Ճան Նիութընը լսելու նպատակով, իսկ վերջինս մինչ օրս չէ կանչուած դատարան: Ըստ փաստաբանին պնդումին` դատարանը կ՛անտեսէ նաեւ համաներման իր առաջարկը:
«Դատարանը որեւէ հիմք չունի համաներում չկիրառի, այլ համաներում կիրառելու միջնորդութիւնը յետաձգի, այսինքն, պետութեան դէմ է դուրս գալիս տուեալ դէպքում դատարանը, եթէ համաներում չկիրառի», ըսաւ Բեջանեան:
Այս գործով դատախազ Հայկ Խաչատրեան «Ազատութեան» ըսաւ, որ գործը վերաբանալով՝ վերաքննիչը կարելիութիւն ունի քննելու, որ արդեօք Աղամալ Յարութիւնեանի կատարած արարքը աւելի ծանր յանցագործութիւն է, հետեւաբար քննութիւնը պէտք է մինչեւ վերջ ընթանայ: